ԵՒ ՕՐԷՆՔԻ ԱՌՋԵՒ…
Կիւմրիի մէջ ռուսական ռազմախարիսխէն ներս այս առաւօտ սկսաւ ոճրագործ Վալերի Փերմեաքովի դատավարութիւնը:
Տարեսկիզբին՝ Յունուարի 12-ին Աւետիսեաններու ընտանիքի եօթ անդամերը սպաննած ռուս զինուորականը հաշիւ կու տայ Հայաստանի Հանրապետութեան դատական մարմիններուն: Հանրային կարծիքը անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւի իրադարձութիւններուն: