ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ ԽՕՍԵՑԱՒ ՔԵՐԻԻ ՀԵՏ
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահագներու Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերիի հետ։ Ծանօթ է, որ Օգոստոսի 24-ին Թուրքիա պիտի այցելէ ԱՄՆ-ի Փոխ-նախագահ Ճօ Պայտըն։
Դեսպան Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու նշանակուեցաւ ՄԱԿ-ի մօտ Թուրքիոյ մշտական ներկայացուցիչ։ Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս կատարուած նշանակումներուն վերաբերեալ որոշմնագիրը հրատարակուեցաւ պաշտօնաթերթին մէջ։
Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս տեսակցեցաւ ՄԱԿ-ի յատուկ ներկայացուցիչին հետ:
Սուրիոյ ներքին պատերազմի իրադարձութիւնները կը շարունակեն մնալ Թուրքիոյ ուշադրութեան կիզակէտին, միեւնոյն ժամանակ կը բնորոշեն Անգարա-Ուաշինկթըն յարաբերութիւններուն ընթացքը։ Մեմպիչ քաղաքը վերջերս ազատագրուեցաւ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորումէն։
Պրազիլի մայրաքաղաքը՝ Պրազիլիայի մէջ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ մասնակցեցաւ հայկական դեսպանատան շէնքի հիմնարկէքի արարողութեան։ Հաւաքոյթին ներկայ էին Պրազիլի Արտաքին յարաբերութիւններու նախարար Ժոզէ Սերա, Պրազիլի մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններ, բարձրաստիճան դիւանագէտներ եւ պրազիլահայ համայնքի ներկայացուցիչներ
«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի դէմ գործուած մահափորձին շրջագծով երէկ չորս հոգի եւս ձերբակալուեցաւ։