ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿԷՆ ՄԵԾ ՆՊԱՍՏ
Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքը տեղեկացուց, թէ այս տարուան ընթացքին շուրջ 650 հազար ամերիկեան տոլար օժանդակութիւն տրամադրած է Լիբանանի հայկական վարժարաններուն, լիբանանահայ ուսանողներուն եւ համայնքի կրթական այլ նախաձեռնութիւններուն համար։