ՀայաստանԻ ՀիւրընկալՈՒԹԵԱՄԲ Զտումի Մրցաշարք
3 Դեկտեմբերին, Նիոնի մէջ (Զուիցերիա) տեղի ունեցաւ Եւրոպայի 19 տարեկանէն վար 2016-2017-ի ախոյենութեան զտումի Ա. հանգրուանի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը:
3 Դեկտեմբերին, Նիոնի մէջ (Զուիցերիա) տեղի ունեցաւ Եւրոպայի 19 տարեկանէն վար 2016-2017-ի ախոյենութեան զտումի Ա. հանգրուանի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը:
«Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորման դէմ լայնածաւալ պայքարի մթնոլորտին մէջ Թուրքիա երէկ առաւ անկիւնադարձային քայլ մը։ Թուրք զինեալ ուժերը մուտք գործեցին Մուսուլ, ուր Պաշիքա շրջանին մէջ պիտի ստեղծեն մշտական ռազմախարիսխ մը։ Այս վերջինը պիտի նմանի Պամերնիի ռազմախարիսխին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիները՝ վաղը պիտի մասնակցին սպասուած համապետական հանրաքուէին: Ամիսներ տեւած քարոզարշաւէն ետք երկրի քաղաքական դաշտի հիմնական ուժերը իրենց ամբողջական ներուժի լարումով պիտի մասնակցին այս ընտրութիւններուն:
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն հանդիպումը նախատեսուած է մինչեւ ամսավերջ:
Ըստ Նալպանտեանի, Պաքու համանախագահներուն պատասխանած է սահմանի վերջին յարձակումով:
Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան յայտնեց, որ յաջորդ տարի երկիրը պիտի միանայ «Ստեղծագործ Եւրոպա» ծրագրին։ Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան «Մշակոյթ եւ ստեղծագործութիւն» ծրագրի պաշտօնական մեկնարկը։
Ասիական զարգացման դրամատունը վերջերս Երեւանի մէջ կազմակերպուած մասնաւոր հաւաքոյթով մը նշեց Հայաստանէ ներս իր ծաւալած գործունէութեան 10-ամեայ յոբելեանը։ Այս առթիւ դրամատան ներկայացուցիչները մանրամասնութիւններ փոխանցեցին Հայաստանի մէջ կեանքի կոչուած ծրագրերուն շուրջ։
Թուրքիա կը վերահաստատէ իր շարունակական զօրակցութիւնը՝ ի նպաստ Ատրպէյճանին:
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու երէկ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Պաքուի մէջ:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ Պելկրատի մէջ մասնակցեցաւ ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքին։ Այս խորհուրդի 22-րդ ժողովին շրջագծով Նալպանտեան երէկ Պելկրատի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ։
Ֆրանսայի օրէնսդիր մարմնին մօտ ներկայիս վերստին շրջանառութեան մէջ կը դրուի հայկական բանաձեւ մը։ Ֆրանսայի Ազգային ժողովէն ներս Մարսէյլի երեսփոխան Վալերի Պուայէի նախաձեռնութեամբ շրջանառութեան մէջ մտած է այս նախագիծը, որ կը նախատեսէ պատիժի ենթարկել ցեղասպանութեան վերաբերեալ հայոց տեսակէտներու ուրացումը։