ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԱՆԱՏՈԼՈՒԻ ՀՐԱՊՈՅՐԸ
Լիոնաբնակ Ստեփան Պուտոյեան քառասուն տարիներէ ի վեր կ՚որոնէ նախահայրերուն հետքերը:
Ֆրանսական մշակութային միութեան մէջ մտերմիկ զրոյց՝ խօսուն ու վառ լուսանկարներու ուղեկցութեամբ:
Լիոնաբնակ Ստեփան Պուտոյեան քառասուն տարիներէ ի վեր կ՚որոնէ նախահայրերուն հետքերը:
Ֆրանսական մշակութային միութեան մէջ մտերմիկ զրոյց՝ խօսուն ու վառ լուսանկարներու ուղեկցութեամբ:
ՆԱԹՕ-ի պաշտպանութեան նախարարները այսօր կը մէկտեղուին Պրիւքսելի մէջ՝ քննարկելու համար Ռուսաստանի կողմէ Սուրիոյ մէջ իրականացուած օդային գործողութիւնները։ Մինչ այդ, ՆԱԹՕ-ի Ընդհանուր քարտուղար Եէնս Շթոլթենպերկ յայտարարեց, թէ ՆԱԹՕ պատրաստ է զինուոր առաքելու Թուրքիա՝ հարաւային սահմանէն գալիք հաւանական սպառնալիքներու դիմաց պաշտպանելու համար իր դաշնակիցը։
Տարրաբանութեան Նոպէլեան մրցանակը ՏՆԱ-ի ուսումնասիրութեանց համար յանձնուեցաւ Փրոֆ. Ազիզ Սանճարին:
Գրականութեան ճիւղէն ներս վիպագիր Օրհան Փամուքէն ետք Թուրքիայէն անուն մը եւս արժանացաւ համաշխարհային մեծագոյն այս պարգեւին:
Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլ կրկնեց իր դիրքորոշումը այն մասին, թէ դէմ է Թուրքիոյ Եւրոպական միութեան անդամակցութեան։ Վարչապետը այս մասին յայտնեց գերմանական ARD հեռատեսիլի կայանին մէջ սփռուած հաղորդման մը միջոցին, պատասխանելով Աննէ Վիլի հարցումին։
Պիլեֆելտի մէջ բացուած ցուցահանդէսով մը կը ներկայացուի հայկական ճարտարապետութիւնը:
Գերմանիոյ Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պէքճեան մասնակցեցաւ ձեռնարկներու բացման:
Ռուսական «Կազփրոմ»ը ժամանակաւորապէս կը յետաձգէ իր մեծածաւալ ծրագիրը Թուրքիոյ հետ։ Վերջին օրերուն երկու երկիրներու միջեւ լարուածութիւն յառաջացած է Սուրիոյ պատերազմին պատճառով։
Ճարտարապետներու համահայկական երրորդ համաժողովը երէկ ամփոփեց իր աշխատանքները։ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած համաժողովին կը մասնակցէին հայ եւ օտարազգի աւելի քան 120 ճարտարապետներ, շուրջ 16 երկիրներէ։
Արեւելեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի «Ազատութիւն» մրցանակին արժանացողներու կարգին կը գտնուի նաեւ Մարդկային իրաւանց պաշտպան, իրաւագէտ Ֆեթհիյէ Չեթին։ Ան հեղինակած է «Մեծմայրս» գիրքը, որու հրատարակութենէն ետք թուրք հասարակութեան մօտ զգալի աճ մը արձանագրուած է 1915-ի Հայոց մեծ եղեռնին նկատմամբ։
Արեւելեան եկեղեցիներու գծով Պապական նուիրակ Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրի, որ քանի մը օր առաջ Հայաստան կը գտնուէր՝ մասնակցելու համար Կիւմրիի Սրբոց Նահատակաց հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ օծման, յայտարարեց, թէ հաւանական է, որ Հռոմի Ֆրանսիսքոս Պապը Հայաստան այցելէ յաջորդ տարի։