ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ԵՐԷԿ ԵԼՈՅԹ ՈՒՆԵՑԱՒ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու երէկ Նիւ Եորքի մէջ ելոյթով մը հանդէս եկաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի 70-րդ նստաշրջանի բացման հանգրուանին։ Տավուտօղլու, որ Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունին հետ ալ տեսակցեցաւ, ընդհանուր ժողովին առջեւ ունեցած ելոյթին ընթացքին առաջնահերթօրէն անդրադարձաւ Սուրիոյ ճգնաժամին։