ԿԻՊՐՈՍԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ՍՏԵՂԾՈՒԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒ ՄԻԱՒՈՐ ՄԸ
Կիպրական հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացին զուգահեռ՝ ներկայիս աշխատանք կը տարուի կղզիէն ներս կրօնական գետնի վրայ խաղաղութիւնն ու համերաշխութիւնը ապահովելու ուղղութեամբ։ Ծանօթ է, որ վերջին շրջանին բանակցութիւններուն մէջ արձանագրուած է յառաջընթաց եւ ստեղծուած՝ յուսադրիչ մթնոլորտ մը։