Լրահոս

ԱՊՐԻԼԻ 23-Ի ՄԱՆԿԱՆՑ ՏՕՆԸ ՄԵԾ ԽԱՆԴԱՎԱՌՈՒԹԵԱՄԲ ԿԸ ՆՇՈՒԻ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ

Ապ­րիլ 23-ի Ազ­գա­յին գե­րա­կա­յու­թեան եւ ման­կանց տօ­նին առ­թիւ այ­սօր մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն կ՚ապ­րուի բո­վան­դակ Թուր­քիոյ մէջ։ 0րուան տօ­նին ա­ռըն­թեր, այ­սօր կը նշուի նաեւ Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վի հիմ­նադ­րու­թեան 95-րդ տա­րե­դար­ձը։

ՇԱՐԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐ. «ԻՄ ՄԷՋ ԱՏԵԼՈՒԹԻՒՆ ՉԵՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿԱԾ»

Ֆրան­սա­հայ աշ­խար­հահռ­չակ եր­գիչ Շարլ Ազ­նա­ւուր «Լը Մոնտ» օ­րա­թեր­թին մէջ յօ­դուած մը գրի ա­ռաւ, «Հայ­կա­կան մե­նու­թեան 100 տա­րին» խո­րագ­րին ներ­քեւ։ Այս սրտա­ռուչ յօ­դուա­ծին մէջ Շարլ Ազ­նա­ւուր շեշ­տեց, թէ իր մէջ ա­տե­լու­թիւն չեն դաս­տիա­րա­կած։

ՄԵՏԱՍԱՆԵՐՈՐԴ ՊԱՀԸ

Թէ՛ Թուրքիա եւ թէ Հայաստան կը պատրաստուին Ապրիլի 24-ին, մինչ միջազգային ընտանիքն ալ կը շարունակէ յայտարարութիւնները հայկական հարցին շուրջ:
Նախագահ Օպամա անփոփոխ կը պահէ իր դիրքորոշումը:
Անգարայի եւ Երեւանի ղեկավարութիւնները աստիճանաբար կը կեդրոնանան ներկայ օրերուն համար նախատեսուած ծրագիրներու գործադրութեան վրայ:

ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ՆՈՐ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐ

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ճա­կա­տին վրայ բա­խում­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ կա­տա­րուած հրա­դա­դա­րի խախ­տում­նե­րուն բե­րու­մով։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ-Ատր­պէյ­ճան հա­կա­մարտ զօր­քե­րու շփման գծի հիւ­սիս-ա­րե­ւե­լեան ուղ­ղու­թեամբ նա­խորդ գի­շեր (Ապ­րի­լի 20-21) ժա­մը 05.15-ի սահ­ման­նե­րուն՝ պա­տա­հե­ցան բա­խում­ներ։

ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ ԸՆԹԱՑՔ

Կառավարութիւնը այս տարի եւս վարչապետի մակարդակով յայտարարութիւն մը ըրաւ Ապրիլի 24-ին ընդառաջ։
Էրտողանի գլխաւորութեամբ Պեշթեփէի մէջ գումարուած նախարարաց խորհուրդի նիստին ժամանակ եւս քննարկուեցաւ հայկական հարցը։

ԻՐԱՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ԱՅՑԸ՝ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ

Ի­րա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Հո­սէին Տեհ­ղան եր­կօ­րեայ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Պա­քու։ Ան հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ Ատր­պէյ­ճա­նի քա­ղա­քա­կան եւ ռազ­մա­կան ղե­կա­վա­րու­թե­նէն յա­ռա­ջա­տար դէմ­քե­րու հետ։

ԱՐԹՕ ԹՈՒՆՉԻ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՀԱՄԵՐԳԸ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Շա­բա­թա­վեր­ջին, Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ յայտ­նի ու հա­մակ­րե­լի ե­րա­ժիշտ Ար­թօ Թունչ­պո­յա­ճեա­նի հա­մեր­գը։ Ինչ­պէս միշտ, այս ան­գամ եւս իր ե­լոյ­թը ար­ժա­նա­ցաւ ե­րաժշ­տա­սէր­նե­րու մօ­տիկ հե­տաքրք­րու­թեան։

ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ԶԱՅՐՈՅԹ

Հանրապետութեան նախագահը շաբաթավերջին այցելեց Գոճաէլի, ուր եւս արտայայտուեցաւ հայկական հարցի վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ:
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան. «Սփիւռքն ու Հայաստանի պետութիւնն է, որ խնդիր ունին մեզի եւ մեր հայ եղբայրներուն հետ»:

ՆԱԽԱՐԱՐ ԵԴՈՒԱՐԴ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ԼԻՒՔՍԵՄՊՈՒՐԿ

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան այ­սօր կ՚այ­ցե­լէ Լիւք­սեմ­պուրկ։ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան մաս­նակ­ցու­թիւն կը բե­րէ Եւ­րո­պա­կան միու­թեան եւ ա­նոր նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ ստեղ­ծուած Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան ան­դամ եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու ժո­ղո­վին։ Հա­ւա­նա­կան է, որ ան յա­րա­կից հան­դի­պում­ներ ալ ու­նե­նայ այս շրջագ­ծով։

Էջեր