Լրահոս

ՖՐԱՆՍԻՍՔՈՍ ՊԱՊԸ ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ ԽՂՃԻՆ ԱՆՈՒՆՈՎ ՊԱՏԳԱՄԵՑ. «ՊԷՏՔ Է ԲՈՒԺԵՆՔ ԲՈԼՈՐ ՎԷՐՔԵՐԸ»

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ​

Հայ­կա­կան հար­ցին շուրջ Վա­տի­կա­նէն հնչած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն զբա­ղեց­նել օ­րա­կար­գը։ Շա­բա­թա­վեր­ջին Ս. ­Պետ­­րո­­սի տա­ճա­րին մէջ մա­տու­ցուած Ս. ­Պա­տա­րա­գին ներ­կայ գտնուած է նաեւ լի­բա­նա­նա­հայ բա­նաս­տեղծ Սա­գօ Ա­րեան, որ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն բնա­կու­թիւն հաս­տա­տած է Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Իր տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը ո­րոշ չա­փով կը բիւ­րե­ղաց­նեն հայ­կա­կան կող­մի տրա­մադ­րու­թիւն­­նե­րը՝ Ս.­ Ա­թո­ռի որ­դեգ­րած դիր­քի լոյ­սին տակ։ Ստո­րեւ ո­րոշ յա­պա­ւում­նե­րով կը ներ­կա­յաց­նենք Վա­տի­կա­նի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ իր խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րը։

ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ

2015-ի տա­րե­լի­ցին շրջագ­ծով Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ հրա­տա­րա­կուե­ցան տասն­հինգ գիր­քեր։ 100-րդ տա­րե­լի­ցի ձեռ­նարկ­նե­րուն շրջագ­ծէն ներս, ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս գիր­քե­րուն շնոր­հան­դէ­սը։

ՊՐԱՍԷՕՐԻ ԵՐԵՒԱՆԵԱՆ ՇՓՈՒՄՆԵՐԸ

Եւ­րո­խոր­հուր­դի Խորհր­դա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Անն Պրա­սէօր ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ, ուր օ­րուան ըն­թաց­քին մէկ­տե­ղուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Գա­լուստ Սա­հա­կեա­նի եւ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի հետ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Անն Պրա­սէօր Ե­րե­ւա­նի մէջ յայտ­նեց, որ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի լուծ­ման միակ ու­ղին կը հա­մա­րուի երկ­խօ­սու­թիւ­նը։

ՔԱՆՅԷ ՈՒԵՍՏ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՀԱՄԵՐԳՈՎ ՄԸ ՀԱՆԴԷՍ ԵԿԱՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Ա­մե­րի­կա­հայ հե­ռուս­տաաստղ Քիմ Քար­տա­շեա­նի եւ ըն­տա­նի­քին Հա­յաս­տան կա­տա­րած այ­ցե­լու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ ար­ժա­նա­նալ ան­մի­ջա­կան հե­տաքրք­րու­թեան։ Շա­բա­թա­վեր­ջին Քիմ Քար­տա­շեա­նի եւ հա­րա­զատ­նե­րուն շրջայ­ցին հա­մա­հա­ւա­սար հե­տաքրքրու­թիւն ստեղ­ծեց նաեւ ա­մուս­նոյն՝ ռեփ ե­րաժշ­տու­թեան յայտ­նի աստղ Քան­յէ Ո­ւես­տի ե­լոյ­թը։

ՀՈԳԵՒՈՐ ՍԽՐԱՆՔԻ ՄԵԾՈՒԹԻՒՆ

2015 թուականի մթնոլորտին մէջ հայոց բիւրաւոր նահատակներուն յիշատակը երկիւղած յարգանքի առարկայ կը դառնայ համաքրիստոնէական մակարդակի վրայ: Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ կեդրոնին մէջ ունեցած ելոյթէն վերջ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը եղբայրական սիրով ողջագուրուեցաւ Սրբազան Պապին հետ: Արարողութիւններուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը: Խօսք առին նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսն ու Հայ Կաթողիկէից Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը:
Սուրբ Պետրոսի տաճարի երդիքին տակ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Քահանայապետին կողմէ երէկ մատուցուած Սուրբ Պատարագը դարձաւ պատմական: Վատիկանի մէջ օրուան աւետարանական ընթերցումը կատարուեցաւ հայերէնով, հնչեցին նաեւ հայերէնով շարականներ

ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆ…

Հայաշխարհի ուշադրութիւնը այս շաբաթավերջին կեդրոնացած է Վատիկանի վրայ:
Ս. Պետրոսի տաճարին մէջ Ֆրանսիսքոս Ա. Քահանայապետը վաղը պիտի պատարագէ՝ ոգեկոչելով հայոց բիւրաւոր նահատակները - Արարողութենէն վերջ տեղի պիտի ունենայ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի վարդապետացման կարգը:

ԵԷՄԷՆ. սիւննի-շիի հակամարտութեան ամերիկեան խաղադաշտը

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Եէ­մէ­նի մէջ ստեղ­ծուած ի­րա­վի­ճա­կը կը խօ­սի ա­րա­բա­կան նոր հանգ­րուա­նի մը մա­սին: Եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր սիւն­նի-շիի լա­րուած ի­րա­վի­ճա­կը հա­սաւ իր գա­գա­թնա­կէ­տին, երբ ան­ցեալ 25 Մար­տին Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ սկիզբ ա­ռաւ «Վճռա­կա­մու­թեան փո­թո­րիկ» ա­նու­նը կրող զի­նուո­րա­կան գոր­ծո­ղու­թիւ­նը: Գոր­ծո­ղու­թեան հիմ­նա­կան նպա­տակն էր կա­սեց­նել շիի հու­սի­նե­րու ա­րա­գըն­թաց ներ­խու­ժու­մը մայ­րա­քա­ղաք Սան­հա­յէն ետք Եէ­մէ­նի ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան երկ­րորդ քա­ղա­քը հա­մա­րուող Ա­տան քա­ղաքը, որ դար­ձած է երկ­րի օ­րի­նա­կան նա­խա­գահ Ապ­տէլ Ռա­պու Ման­սուր Էլ Հա­տիի կեդ­րո­նա­տե­ղին:

ԵՐԵՒԱՆԻ ՀԱՄԱՐ ՀԵՌԱՆԿԱՐ

Ի­րա­նի հիւ­լէա­կան ծրագ­րին կա­պակ­ցու­թեամբ մի­ջազ­գա­յին գետ­նի վրայ գո­յա­ցած հա­մա­ձայ­նու­թեան մթնո­լոր­տին մէջ ներ­կա­յիս քա­ղա­քա­կան մեկ­նա­բան­նե­րը կը քննար­կեն Հա­յաս­տա­նի առ­ջեւ ու­րուագ­ծուած նոր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը։ Այս­պէս, ե­թէ Ի­րա­նի մի­ջու­կա­յին ծրագ­րին շուրջ վերջ­նա­կան հա­մա­ձայ­նու­թիւն մը գո­յա­նայ, ա­պա Հա­յաս­տան կրնայ լաւ հնա­րա­ւո­րու­թիւն մը ու­նե­նալ այդ երկ­րին հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը ընդ­լայ­նե­լու հա­մար զա­նա­զան ո­լորտ­նե­րէ ներս։

Էջեր