Լրահոս

ՀԱՄԱՏԵՂ ՆԱՄԱԿԱՆԻՇԻ ԹՈՂԱՐԿՈՒՄ

Հա­յաս­տա­նի եւ Յու­նա­կան Կիպ­րո­սի թղթա­տա­րու­թեան ըն­կե­րու­թիւն­նե­րը հա­մա­տեղ նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ թո­ղար­կե­ցին «Մել­գո­նեան վար­ժա­րան» խո­րագ­րեալ դրոշ­մա­թուղ­թեր։ «Ար­մէն-փրէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, նա­մա­կա­նի­շե­րէն մէ­կուն վրայ պատ­կե­րուած են Մել­գո­նեան վար­ժա­րա­նի շէնքն ու այն ծա­ռե­րը, ո­րոնք տնկած են այդ կրթօ­ճա­խէն ներս ա­պաս­տան գտած որ­բե­րը։

ՀՌՈՄԻ ՄԷՋ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի եւ Իտալիոյ ղեկավարութեանց միջեւ երէկ տեղի ունեցան բարձր մակարդակի վրայ արդիւնաւէտ բանակցութիւններ:
Սերժ Սարգսեան եւ Սերճիօ Մաթարելլա երկկողմանի համագործակցութեան առընթեր շօշափեցին նաեւ Երեւան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն ընթացքը:

ԷԹԻԷՆ ՄԱՀՉՈՒՊԵԱՆ ՄԵՂՄԱՑՈՒՄ ԿԸ ՆԿԱՏԷ ՍՓԻՒՌՔԻ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ

Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լուի ա­ւագ խորհր­դա­կան Է­թիէն Մահչու­պեան ե­րէկ ե­րե­կո­յեան յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով հան­դէս ե­կաւ «CNN Türk» հե­ռուս­տա­կա­յա­նէն։ Հե­ռուս­տա­հա­ղոր­դա­վար Շի­րին Փայ­զը­նի հար­ցում­նե­րուն պա­տաս­խա­նե­լով՝ Է­թիէն Մահ­չու­պեան մեկ­նա­բա­նու­թիւն­ներ ը­րաւ Թուր­քիոյ ներ­քին եւ ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան օ­րա­կար­գի շարք մը հրա­տապ խնդիր­նե­րուն շուրջ։ Այս շրջագ­ծով ան անդ­րա­դար­ձաւ հայ­կա­կան հար­ցին, նաեւ հայաշ­խար­հի տե­սան­կիւ­նէն հե­տաքրք­րա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու։

ՄԻՋՆՈՐԴՆԵՐԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻՆ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ

 ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը կը պատ­րաս­տուին ի­րա­կա­նաց­նել ի­րենց հեր­թա­կան այ­ցե­լու­թիւ­նը դէ­պի Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան տա­րած­քաշր­ջան։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ռուս հա­մա­նա­խա­գահ Ի­կոր Փո­փով տե­ղե­կա­ցուց, թէ ան­ցեալ Փետ­րուա­րին կա­յա­ցած ի­րենց այ­ցե­լու­թե­նէն վերջ միջ­նորդ­նե­րը յա­ռա­ջի­կայ Մա­յի­սին կամ Յու­նի­սին վերս­տին պի­տի այ­ցե­լեն տա­րած­քաշր­ջան։

ՓՐՈՖ. ԱՐՈՒՍ ԵՈՒՄՈՒԼԻ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ԱՍՈՒԼԻՍ

Յայտ­նի ըն­կե­րա­բան, «Պիլ­կի» հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօս Փրոֆ. Ա­րուս Եու­մուլ ե­րէկ մաս­նակ­ցե­ցաւ «Մարք­սիզմ 2015» խո­րագ­րեալ քննար­կում­նե­րու ծի­րէն ներս կազ­մա­կեր­պուած ա­սու­լի­սի մը։ Այս քննար­կում­նե­րու շար­քին նա­խա­ձեռ­նած է Ըն­կեր­վա­րա­կան յե­ղա­փո­խա­կան բա­նուո­րա­կան կու­սակ­ցու­թիւ­նը։

ՔԱՐՏԱՇԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

Ա­մե­րի­կա­հայ յայտ­նի հե­ռուս­տաաստղ Քիմ Քար­տա­շեան այս օ­րե­րուն կ՚այ­ցե­լէ Հա­յաս­տան։ Ե­րե­ւա­նի «Զուարթ­նոց» օ­դա­կա­յա­նին մէջ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն ան դի­մա­ւո­րուե­ցաւ Ազ­գա­յին մրցու­նա­կու­թեան հիմ­նադ­րա­մի ղե­կա­վար Ար­ման Խա­չատ­րեա­նի կող­մէ։ Քիմ Քար­տա­շեա­նի հետ են իր ա­մու­սի­նը, դուստ­րը եւ քոյ­րը։

ՎԵՐԸՆԹԱՑ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄ

Նալպանտեանի դէպի Մոսկուա պաշտօնական այցելութեան ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-Ռուսաստան գործակցութեան հեռանկարները:
Սէրկէյ Լավրով. «Բոլոր գործողութիւնները նպատակամղուած են Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի արագ կարգաւորման»:

ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ԻՏԱԼԻԱ

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ ե­րե­կո­յեան պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեան մը ձեռ­նար­կեց դէ­պի Ի­տա­լիա եւ Վա­տի­կան։

Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Հռո­մի մէջ, Սերժ Սարգսեան կը հիւ­րըն­կա­լուի Ի­տա­լիոյ բարձ­րա­գոյն ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ։

Էջեր