ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԵԱՆ ՇԷՆՔԻՆ ՎՐԱՅ ԶԻՆԵԱԼ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ
Իսթանպուլի մէջ երէկ դարձեալ ապրուեցաւ բռնութեան դէպք մը։ Մինչ բովանդակ երկիրը նախընթաց օր Իսթանպուլի Արդարադատութեան պալատին մէջ ապրուած դէպքերուն բերումով բռունցքի մը վերածուեցաւ ահաբեկչութեան դէմ, երէկ ալ յարձակում մը գործուեցաւ Իսթանպուլի Անվտանգութեան տնօրէնութեան վրայ։ Իրերայաջորդ այս երկու դէպքերը պատճառ դարձան, որ ահաբեկչութիւնը հերթական անգամ անիծուի։