Լրահոս

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊԱՐՏՈՒԵՑԱՒ

«Եւ­րօ 2016»ի ո­րա­կա­ւոր­ման հանգ­րուա­նի մրցում­նե­րուն ծի­րէն ներս, Հա­յաս­տա­նի ֆութ­պո­լի ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նը ե­րէկ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Ալ­պա­նիոյ հետ։ Հա­կա­ռա­կորդ մար­զա­դաշ­տի վրայ հայ­կա­կան ընտ­րա­նին պար­տու­թիւն կրեց 2-1 ար­դիւն­քով։

ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ԶՈՀ ՄԸ

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ճա­կա­տին վրայ կը շա­րու­նա­կուի լա­րուա­ծու­թիւ­նը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, շա­բա­թա­վեր­ջին բա­խում­նե­րուն հե­տե­ւան­քով մա­հա­ցաւ հայ զի­նուոր մը՝ Յով­սէփ Անդ­րէա­սեան (1995)։

ՍԱՀՄԱՆՆԵՐՈՒ ՅԱՂԹԱՀԱՐՄԱՆ ՈՐՈՆՈՒՄ

Ֆրանսական մշակոյթի կեդրոնին մէջ բացուած լուսանկարչական ցուցահանդէսէն վերջ Tarih Vakfı-ի երդիքին տակ ասուլիս:
Ըստ ընկերաբան Նեշէ էօզկէնի, Թուրքիա-Հայաստան սահմանին փակ մնալը կը խոչընդոտէ յիշողութեան փոխանակումները:

ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԸ ԱՅՍ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ԿԸ ՀԱՍՆԻ ԻՐ ԱՒԱՐՏԻՆ

Սե­փա­կան լրա­տուու­թիւն.-

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Ֆրան­սուա Օ­լան­տի բարձր հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ, Փա­րի­զի մէջ կազ­մա­կեր­պուած «Ա­ռա­ջին աշ­խար­հա­մար­տի ըն­թաց­քին Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան մէջ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը. Հե­տա­զօ­տու­թեան 100 տա­րի» խո­րագ­րեալ գի­տա­ժո­ղո­վը այ­սօր կը հաս­նի իր ա­ւար­տին։ Ֆրան­սա­յի Ազ­գա­յին գրա­դա­րա­նի եր­դի­քին տակ տե­ղի կ՚ու­նե­նան եզ­րա­փա­կիչ փու­լի գի­տա­կան նիս­տե­րը։  

ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԵԼՈՅԹ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՒ ՓԵՔԻՆԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Դէ­պի Չի­նաս­տան կա­տա­րած պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեան շրջագ­ծով, ե­րէկ, Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կաւ Փե­քի­նի հա­մալ­սա­րա­նին մէջ։ Ու­սա­նող­նե­րուն եւ դա­սա­խօս­նե­րուն առ­ջեւ ու­նե­ցած ե­լոյ­թին ժա­մա­նակ ան ը­սաւ. «Հա­յաս­տան իր պատ­մու­թեան ամ­բողջ ըն­թաց­քին գտնուած է եր­կու աշ­խարհ­նե­րու՝ Ա­րե­ւել­քի եւ Ա­րեւ­մուտ­քի սահ­մա­նագ­ծին, ինչ որ հայ ժո­ղո­վուր­դը ըն­կա­լե­լի դար­ձու­ցած է թէ՛ Եւ­րո­պա­յի եւ թէ Ա­սիոյ հա­մար։

«ՊԱՔՈՒ Ի ԳՈՐԾ ԿԸ ԴՆԷ ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ ՁԵՒԱՒՈՐՄԱՆ ՄԵՐԺՄԱՆ ՈՒՂՂԵԱԼ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ՄԸ»

Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէյ­րան Օ­հա­նեան յայ­տա­րա­րեց, որ Ատր­պէյ­ճան ի գործ կը դնէ վստա­հու­թեան ձե­ւա­ւո­րու­մը մերժ­ման քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն։ «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, Սէյ­րան Օ­հա­նեան դի­տել տուաւ, թէ խա­թա­րե­լով բա­նակ­ցա­յին խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցը՝ Ատր­պէյ­ճան դար­ձեալ գոր­ծի կը դնէ ռազ­մա­տենչ հռե­տո­րա­բա­նու­թիւ­նը, սպա­ռա­զի­նու­թիւն­նե­րու մրցա­վազ­քը եւ կող­մե­րու մի­ջեւ վստա­հու­թեան մթնո­լոր­տի ձե­ւա­ւոր­ման դրու­թիւն­նե­րը մեր­ժե­լու ուղ­ղեալ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը։

Էջեր