Ի՞ՆՉ ՅԵՆԱՐԱՆ ՈՒՆԻՆ
Հանրապետութեան նախագահը կը շարունակէ քննդատել Ռուսաստանի եւ Ֆրանսայի ղեկավարները՝ հայկական հարցին բերումով:
Էրտողան. «Մենք խնդիր մը չունինք Հայաստանի ժողովուրդին հետ, հարցը հայկական իշխանութիւններն են, հայոց սփիւռքն է»:
Հանրապետութեան նախագահը կը շարունակէ քննդատել Ռուսաստանի եւ Ֆրանսայի ղեկավարները՝ հայկական հարցին բերումով:
Էրտողան. «Մենք խնդիր մը չունինք Հայաստանի ժողովուրդին հետ, հարցը հայկական իշխանութիւններն են, հայոց սփիւռքն է»:
Պելժիոյ Փոխ-վարչապետ ու Արտաքին գործոց նախարար Տիտիէ Ռէյնտէրս երէկ Երեւանի մէջ ունեցած շփումներուն շրջագծով հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ։ Ռէյնտէրս ներկայիս միեւնոյն ժամանակ Եւրոխորհուրդի Նախարարներու կոմիտէի նախագահն է։
«Հիւրրիյէթ» օրաթերթի աշխատակիցներէն Ճանսու Չամլըպէլ, որ վերջին օրերուն այցելեց Երեւան, երէկ նոյն թերթին մէջ շահեկան հարցազրոյց մը հրապարակեց Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի դասախօսներէն պատմաբան Վահրամ Տէր-Մատթէոսեանի հետ, որ միեւնոյն ժամանակ հետազօտութիւններ կը կատարէ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ մօտ։ Վահրամ Տէր-Մատթէոսեան ուսումնասիրութիւններ կը կատարէ առաւել չափով Թուրքիոյ մէջ իսլամականութեան եւ քեմալականութեան վրայ։
Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը երէկ յայտարարեց, որ Փարիզ կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ իր յանձնառութեան՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան համար բանակցուած ու տեւական լուծման մը գտնուելուն ուղղութեամբ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի շրջանակներէն ներս։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, բանբերը երէկ պատասխանեց ֆրանսացի լրագրողի մը հարցման՝ Ֆրանսայի Նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի շաբաթավերջին Պաքու կատարած այցելութեան շուրջ։
«Եւրոտեսիլ 2015»ի մրցոյթի ընթացքին Հայաստանը պիտի ներկայացնէ «Genealogy» խումբը, որու անդամները երէկ Երեւանի մէջ սարքեցին մամլոյ ասուլիս մը։ Եւրոտեսիլի Հայաստանի պատուիրակութեան ղեկավար Գոհար Գասպարեան մրցոյթին ընդառաջ կազմակերպուած երէկուան մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, թէ հինգ ցամաքամասերէ եկած ներկայացուցիչներէ բաղկացեալ այս խումբը կը համարուի ինքնուրոյն։
Երէկ, Երեւանի մէջ Համահայկական խաղերու կարգադիր յանձնախումբը գումարեց ժողով մը՝ յառաջիկայ ամառ նախատեսուած վեցերորդ ամառնային խաղերու ընդառաջ։ Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ ժողովը, որու կապակցութեամբ հաղորդուեցաւ, թէ յառաջիկայ ամրան Համահայկական վեցերորդ խաղերը աննախադէպ պիտի ըլլան ո՛չ միայն մասնակիցներու քանակով, այլ նաեւ՝ քաղաքներու աշխարհագրութեամբ։
Հայաստանի եւ Պելժիոյ արտաքին գործոց նախարարները կը ծաւալեն քննարկումներ:
Տիտիէ Ռէյնտէրս շեշտը դրաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման վրայ:
UCLA-ի եւ «Tarih Vakfı»ի համատեղ նախաձեռնութեամբ գիտաժողով՝ «Պողազիչի» համալսարանին մէջ:
Աշխարհի զանազան հեղինակաւոր համալսարաններէն մասնագէտներ չորս գիտական նիստերու ընթացքին շահեկան զեկուցումներով հայկական հարցը խոշորացոյցի տակ առին բազում երեսակներով:
Հանրապետութեան նախագահը կը շարունակէ կրակ ժայթքել ան երկիրներուն դէմ, որոնք կ՚աջակցին հայոց պնդումներուն:
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան. «Նախ եւ առաջ մի առ մի թող մաքրեն իրենց սեփական պատմութեան արատները»: