ԼԵՒՈՆ ՏԷՐ-ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ ՎԻՐԱՀԱՏՈՒԱԾ
Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան վիրահատութեան ենթարկուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Գալիֆորնիոյ նահանգի Լոս Անճելըսի շրջանին մէջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, գործողութիւնը տեղի ունեցած է հայաշատ Կլենտէյլ քաղաքին մէջ։ Glendale Memorial հիւանդանոցէն ներս Տէր-Պետրոսեան վիրահատուած է աղիքի քաղցկեղի հետեւանքով։
«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի դէմ գործուած մահափորձին յաջորդած դատաիրաւական գործընթացին շրջագծով երէկ ապրուեցաւ կարեւոր իրադարձութիւն մը։ Վճռաբեկ ատեանի որոշմամբ միացուեցան այս գործին վերաբերեալ երկու դատերը։

Ճօ Պայտըն շաբաթավերջին Իսթանպուլի մէջ հիւրընկալուեցաւ Էրտողանի եւ Տավուտօղլուի կողմէ: