ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ «ՓՈՔՐԻԿ ՀՐԵՇՏԱԿՆԵՐ» ՇԱԲԱԹՕՐԵԱՅ ԴՊՐՈՑԻ 15-ՐԴ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԸ
2000 թուականին Բլիկեան ընտանիքի ազնիւ մտայղացմամբ հիմնադրուեցաւ «Փոքրիկ Հրեշտակներ» շաբաթօրեայ դպրոցը, որ 2010 թուականին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Տ․ Յովնան Արք․ Տէրտէրեանի օրհնութեամբ տեղափոխուեցաւ Առաջնորդարան՝ վերակազմաւորուելով Ս․ Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի հովանիին ներքեւ։
Արցախի ճակատին վրայ լարուածութիւնը հետզհետէ կը բարձրանայ։ Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ Մարտունիի եւ Ասկերանի ուղղութեամբ կ՚ապրուի խտացեալ փոխհրաձգութիւնը։
Սուրուչի ահաբեկչութեան տեղի տուած հակազդեցութեան ալիքը կը բնորոշէ երկրին օրակարգը:
ԱՔ կուսակցութեան եւ ՃՀՓ-ի միջեւ նախատեսուած քննարկումները երէկ սկսան:
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Երեւանի մօտ Գերմանիոյ նորանշանակ դեսպան Մաթիաս Քեսլէրը, որ յանձնեց իր հաւատարմագիրը։ Այս առթիւ Սարգսեան դեսպանին յաջողութիւն մաղթեց՝ Հայաստանի մէջ իր դիւանագիտական առաքելութեան ճանապարհին։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց ԵԱՀԿ-ի Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւանց գրասենեակի տնօրէն Միխայէլ Լինքը, որ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։
Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթը տեղեկացուց, թէ լիբանանահայ համայնքը ունեցած է ցաւալի կորուստ մը։ Այսպէս, երէկ կէս գիշերին իր մահկանացուն կնքեց լիբանանահայ ներհուն մտաւորական եւ բանաստեղծ՝ Սարգիս Կիրակոսեան: