ԷՐՏՈՂԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՉԻՆԱՍՏԱՆ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կ՚իրականացնէ դէպի Փեքին՝ Չինաստանի Նախագահ Խի Ճինփինկի հրաւէրին ընդառաջ։ Իր շփումները պիտի շարունակուին մինչեւ Յուլիս 30-ը։
«Ոտքի՛ Հայաստան» նախաձեռնութեան անդամները երէկ փորձեցին ցոյց մը ընել Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ։ Ծանօթ է, որ այս ցոյցերու շարքը սկսած է Հայաստանի մէջ ելեկտրական ուժանիւթի սակագինի բարձրացմամբ եւ ցուցարարները կը պահանջեն համապատասխան որոշման յետս կոչուիլը։
Աթէնքի մօտ Հայաստանի դեսպանատան մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ կիպրահայոց Նարեկ վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետ Վարդան Թաշճեանի պարգեւատրման արարողութիւնը։ Այս առթիւ իրեն հանդիսաւորապէս շնորհուեցաւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան ոսկէ մետայլը՝ հայապահպանութեան գործին մէջ ունեցած մեծ աւանդին համար։
Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ կաթողիկոս-պատրիարք ընտրուեցաւ Տ. Գրիգոր Եպսկ. Կապրոյեան՝ վերանուանուելով Տ. Գրիգոր-Պետրոս Ի.։ Պէյրութի մէջ, Զմմառի վանքէն ներս շաբաթավերջին Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ սրբազան սինոդին կողմէ ընտրուեցաւ նորոգ հանգուցեալ Ներսէս-Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս-պատրիարքին յաջորդը։
Թուրքիա-Հայաստան շարժանկարի հարթակը շարունակեց իր աշխատանքը «Ոսկէ ծիրան»ի շրջագծով:
Kepler աստղադիտակի միջոցով ՆԱՍԱ-ի գիտնականները յայտնաբերած են Երկրին նման մոլորակ մը: