ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ ԱՆՏԱՆԵԼԻ ՎԻՃԱԿ
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան երէկ Երեւանի մէջ տեսակցեցաւ Հալէպի մօտ Հայաստանի աւագ հիւպատոս Տիգրան Գէորգեանին հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Տիգրան Գէորգեան Հրանոյշ Յակոբեանին ներկայացուց Հալէպի առկայ իրավիճակը, որ վերջին շրջաններուն սրուած է առաւել եւս։
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի մասնակիցները նախընթաց օր Երեւանի մէջ այցելեցին Հանրապետութեան նախագահի ապարանքը։ Այս առթիւ անոնք հիւրընկալուեցան Նախագահական աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան պետ Մերի Յարութիւնեանի կողմէ։
Հայաստանի Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութեան ծրագրաւորման նախարար Ալի Սինտին, որ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Ողջունելով հիւրը՝ Յովիկ Աբրահամեան արտայայտեց այն համոզումը, թէ իր այցելութիւնը նոր թափ մը պիտի տայ Հայաստանի եւ Իրաքի, մասնաւորապէս Իրաքեան Քիւրտիստանի հետ յարաբերութիւններու զարգացման։

Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիուս երէկ շփումներ ունեցաւ Թեհրանի մէջ, ուր ընդունուեցաւ Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանիի եւ Արտաքին գործոց նախարար Մուհամմէտ Ճեւատ Զարիֆի կողմէ։ Այս առթիւ Լորան Ֆապիուս Հասան Ռուհանիին փոխանցեց Ֆրանսայի Նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի հրաւէրը՝ Փարիզ այցելելու համար։