ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ «ԵՐԿԻՐՆԵՐԸ ՄԷԿ ՅԱՐԿԻ ՏԱԿ»
Հայաստանի Միջազգային գործարար կապերու աջակցման կոմիտէին կողմէ հաղորդուեցաւ, թէ յառաջիկայ Սեպտեմբերի 20-ին տեղի պիտի ունենայ «Երկիրները մէկ յարկի տակ» տարեկան ցուցահանդէս-համաժողովը, որուն շրջագծով նախատեսուած է նաեւ մրցանակաբաշխութիւն մը։

Արտաքին գործոց նախարարը Պաքուի պաշտօնական շփումներուն աւարտին ուղեւորուեցաւ դէպի Սոչի:

«ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութիւններու նեղ կազմով հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան սուր հարցեր, ըստ աւանդութեան, անկեղծ ձեւով»։
ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովը երէկ ձեռնարկեց իր 70-րդ նստաշրջանի աշխատանքներուն։ Տարեկան շրջափուլին մեկնարկը ազդարարեցին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղար Ման Քի Մուն եւ դանիացի դիւանագէտ Մոկենս Լիքէթոֆթ, որ անցեալ Յունիսին ընտրուած էր նախագահ։