ԱՊՐԻԼԻ 23-Ի ՄԱՆԿԱՆՑ ՏՕՆԸ ՄԵԾ ԽԱՆԴԱՎԱՌՈՒԹԵԱՄԲ ԿԸ ՆՇՈՒԻ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ
Ապրիլ 23-ի Ազգային գերակայութեան եւ մանկանց տօնին առթիւ այսօր մեծ խանդավառութիւն կ՚ապրուի բովանդակ Թուրքիոյ մէջ։ 0րուան տօնին առընթեր, այսօր կը նշուի նաեւ Ազգային մեծ ժողովի հիմնադրութեան 95-րդ տարեդարձը։
Ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուր «Լը Մոնտ» օրաթերթին մէջ յօդուած մը գրի առաւ, «Հայկական մենութեան 100 տարին» խորագրին ներքեւ։ Այս սրտառուչ յօդուածին մէջ Շարլ Ազնաւուր շեշտեց, թէ իր մէջ ատելութիւն չեն դաստիարակած։
Թէ՛ Թուրքիա եւ թէ Հայաստան կը պատրաստուին Ապրիլի 24-ին, մինչ միջազգային ընտանիքն ալ կը շարունակէ յայտարարութիւնները հայկական հարցին շուրջ:


Հանրապետութեան նախագահը շաբաթավերջին այցելեց Գոճաէլի, ուր եւս արտայայտուեցաւ հայկական հարցի վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր կ՚այցելէ Լիւքսեմպուրկ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Եդուարդ Նալպանտեան մասնակցութիւն կը բերէ Եւրոպական միութեան եւ անոր նախաձեռնութեամբ ստեղծուած Արեւելեան գործընկերութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին։ Հաւանական է, որ ան յարակից հանդիպումներ ալ ունենայ այս շրջագծով։