ԱՆԳԼԻՈՅ ԼՈՐՏԵՐՈՒ ՊԱԼԱՏԻՆ ՄԷՋ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑԻ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ
Անգլիոյ Լորտերու պալատը նախընթաց օր քննարկեց հայկական հարցը։ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը Անգլիոյ խորհրդարանի պաշտօնական կայքէջի հաղորդումներու հիման վրայ տեղեկացուց, թէ Պարոնուհի Քերըլայն Քոքս այս առթիւ օրակարգի վրայ բերաւ 1915 թուականին հայոց, յոյներու եւ ասորիներու զանգուածային սպանութիւններու հարցը։
Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան ղեկավարներէն Եղիա Ճէրէճեան Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Թուրքիայէն գրող Քատիր Աքընը։ Այս վերջնոյն այցելութիւնը զուգադիպեցաւ Հնչակեան քսան կախաղաններու տարելիցին։
Թուրքիոյ քաղաքական կեանքէն ներս յատկանշական ժամանակաշրջան մը եզրափակուեցաւ՝ Հանրապետութեան իններորդ նախագահի տխուր կորուստով:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան ընդունեց Իրանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Իպրահիմ Ռահիմ Փուրը։ Ողջունելով իր հիւրը Նալպանտեան նշեց, որ Հայաստան եւ Իրան կապուած են աւանդական ջերմ, փոխշահաւէտ յարաբերութիւններով, որոնց վկայութիւնն է միջպետական բարձր մակարդակով երկխօսութիւնը, տարբեր բնագաւառներէ ներս աշխոյժ փոխգործակցութիւնը։
Անթիլիասի կողմէ հաղորդագրութիւն մը հրապարակուեցաւ Թուրքիոյ մէջ բացուած դատին շուրջ: