ՏԱՐԱՆՋԱՏՈՒԱԾ ԳՈՐԾ
Վալերի Փերմեաքովի դատման գործընթացին մանրամասնութիւնները յայտնի կը դառնան աստիճանաբար:
Ռուսական կողմը ոճրագործը պիտի դատէ ռազմական յանցագործութիւններուն համար, իսկ հայկական կողմը՝ սպանութեան երեսակով: Բոլոր դատավարութիւնները տեղի պիտի ունենան կիւմրիի մէջ:
Հայաստանի իշխանութիւնները կը ձգտին, որ քննութիւնները ընթանան հնարաւորինս արագ եւ փութով արձակուի վճիռը՝ մինչեւ Խաչի տօնի մեռելոցը:
ԱՄՆ-ի անօդաչու թռչող սարքերը ռմբակոծումներ կատարեցին ԻՇԻՊ-ի դէմ:
Թիւրքմենիստանի Նախագահ Կուրպանկուլու Պերտիմուհամէտով այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Թուրքիա։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ան վաղը Իսթանպուլի մէջ պիտի հիւրընկալուի Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ։
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուի գլխաւորութեամբ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ գումարուած Բարձրագոյն զինուորական խորհուրդի ժողովներու արդիւնքին հիման վրայ ճշդուեցաւ Թուրք զինեալ ուժերու հրամանատարութեան նոր կազմը։
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ նոյն նախարարութեան «Վազգէն Սարգսեան» ռազմական կաճառի եւ ռազմաուսումնական հաստատութիւններու տարեվերջի եզրափակիչ հանդիսութիւնը։