ԵՐԴՈՒՄԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
Յունիս 7-ի երեսփոխանական ընտրութեանց արդիւնքին ձեւաւորուած խորհրդարանը այսօր կը ձեռնարկէ իր աշխատանքներուն։ 550 երեսփոխաններ, որոնց կարգին նաեւ երեք հայ երեսփոխաններ, երդման արարողութեամբ պիտի սկսին իրենց աշխատանքին։ Անոնց առաջին գործը պիտի ըլլայ ընտրել խորհրդարանի նախագահը։

Սփիւռքահայ յայտնի երաժիշտ ու երգիչ Յարութ Փամպուքճեան, որ յայտնի է Ձախ Յարութ անունով ալ, իր ծննդեան 65-ամեակին առթիւ, ինչպէս նաեւ հայ երաժշտական արուեստը ներկայացնելու իմաստով ունեցած նշանակալից աւանդին համար պարգեւատրուեցաւ Հայաստանի վարչապետի յուշամետայլով։
Քրիս Պոհչալեան իր գործերով կը գրաւէ գրասէրներու ուշադրութիւնը:
Արցախի մէջ գտնուող Գանձասարի վանքին կից պիտի կառուցուի մատենադարան մը, պետական պիւտճէով։ Շինութիւնը, ուր պիտի պահպանուին հին հայկական ձեռագիրներն ու մատեանները, 2004 թուականին կառուցուած էր որպէս հոգեւոր դպրատուն։
«Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման զինեալները ականապատած են Սուրիոյ տարածքին գտնուող Փալմիրա հնագոյն քաղաքին աւերակները։ Ըստ հասած լուրերու, ականներ տեղադրուած են հնագոյն յուշարձաններու, ինչպէս նաեւ հռոմէական ամփիթատրոնին շուրջ։
Ֆոթոլրագրող Արա Կիւլէրի լուսանկարներով ճոխացած կենսագրական հատորը վերջերս լոյս տեսաւ «Ֆոթոկրաֆէվի» հրատարակչատունէն՝ «Աչք մը, մեքենայ մը եւ իրականութիւն» խորագրով։