ԼՈՒՐՋ ԴԷՊՔԵՐՈՒ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋ
Մերձաւոր Արեւելքի առկայ թոհուբոհին մէջ շաբաթավերջին ապրուեցան ուշագրաւ զարգացումներ։ Այսպէս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու զօրքերը Սուրիոյ տարածքէն ներս իրականացուցին ցամաքային գործողութիւն մը։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր կ՚այցելէ Սլովաքիոյ մայրաքաղաքը՝ Պրաթիսլաւա։
Երէկ, Անթալիոյ մէջ տեղի ունեցաւ ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն ժողովը։ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու եւս մասնակցեցաւ նստաշրջանի Աֆղանիստանի վերաբերեալ ժողովին, որու ընթացքին հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ Տավուտօղլու միեւնոյն ժամանակ առանձնազրոյներ ունեցաւ սոյն հաւաքին առթիւ Անթալիա այցելած Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերիի եւ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթէնպէրկի հետ։