ՏՔԹ. ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԱԾ ՔԷՊԷՔԻ ՄԷՋ
Գանատահայ համայնքի սիրուած ու յարգուած երէց սերունդի անձնաւորութիւններէն Տքթ. Արթօ Տէմիրճեան վերջերս պարգեւատրուած է Քէպէքի Ատամնաբոյժներու ընկերակցութեան կողմէ։
Գանատահայ համայնքի սիրուած ու յարգուած երէց սերունդի անձնաւորութիւններէն Տքթ. Արթօ Տէմիրճեան վերջերս պարգեւատրուած է Քէպէքի Ատամնաբոյժներու ընկերակցութեան կողմէ։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այսօր միօրեայ այցելութիւն մը կու տայ Ուրֆա, ուր կը հետաքրքրուի Քոպանիէն խոյս տալով Թուրքիա ապաստանած խումբ մը հայերու կացութեամբ։ Այցելութեան ընթացքին իրեն կ՚ընկերանայ Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան։
Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքները այս տարի ես կազմակերպեցին իֆթարի սեղան մը:
Իսլամական աշխարհի Րամազանի շրջանին հերթական անգամ փայլուն դրսեւորում մը ունեցաւ Իսթանպուլի համակեցութեան մթնոլորտը: Կուսակալ Վասիփ Շահին եւ այլ բարձրաստիճան դիւանակալներ անմիջականօրէն զրուցեցին հոգեւոր առաջնորդներուն հետ:
Հայաստանի ոստիկանութիւնը երկու շաբաթ համբերելէ վերջ բացաւ Բաղրամեան պողոտան:
Ելեկտրականութեան սակագինի բարձրացման բերումով ծնունդ առած բողոքի ալիքին գծով հացադուլեր:
Համահամալսարանական 28-րդ ամառնային խաղերը այս օրերուն տեղի կ՚ունենան Հարաւային Քորէայի Կվանկժու քաղաքին մէջ։ Այս առաւօտեան դրութեամբ, Հայաստան նուաճեց ոսկէ մետայլ մը։
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրը կը շարունակուի թափով:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան երիտասարդներուն միշտ կը յորդորէ՝ անպայման սորվիլ հայերէն:
Հայ-ազէրի սահմանին վրայ այս շրջանին վերստին կ՚ապրուին լարուածութիւններ։ Ատրպէյճանի զօրքերը կրակ կը բանան հայկական դիրքերուն վրայ։
Սփիւռքեան հայապահպանման պայքարին շրջագծով Փարիզի մէջ կրթական յուսադրիչ խարիսխ մը:
Ալֆորվիլի «Գէորգ Արապեան» վարժարանը բացուեցաւ Ֆրանսայի եւ Հայաստանի վարչապետներուն մասնակցութեամբ: Բարձրաստիճան եկեղեցականներու կողմէ կատարուեցաւ օրհնութեան կարգ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Կասկածէ վեր է, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պարաք Օպամայի Իրանի հետ համաձայնութիւն մը գոյացնելու ճիգերը իրենց դրական հետեւանքները պիտի ունենան շրջանին մէջ, նոյնիսկ եթէ համաձայնութեան ստորագրումը տեղի չունենայ: Միացեալ Նահանգներու համար ձեւական ստորագրութիւններ կատարելու հանգրուանը վաղուց անցած է: Կարեւորը Իրանը, որպէս հաւատարիմ դաշնակից պատրաստելու գործընթացն է, պայմանով, որ այդ նոր հանգրուանին մէջ Թեհրան նեղութիւն չպատճառէ Մոսկուային:
Եւրոպայի եւ միջազգային ընտանիքի անմիջական ուշադրութեան պայմաններուն ներքեւ, երէկ, Յունաստանի մէջ տեղի ունեցաւ շատ կարեւոր հանրաքուէ մը, որու արդիւնքին ժողովուրդը մերժեց երկրին կողմէ խստապահանջ տնտեսական քաղաքականութեան մը որդեգրումը։