ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՍՊԱՅ ՄԸ Կ՚ՈՒՂԱՐԿԷ ԴԷՊԻ ՄԱԼԻ
Հայաստան կը շարունակէ աշխոյժ մասնակցութիւն բերել միջազգային խաղաղարար առաքելութիւններուն՝ երկրի սահմաններէն դուրս ծագած հակամարտութիւններու մեղմացման ու յաղթահարման նպատակով։ Ցարդ մասնակցած խաղաղարար առաքելութիւններուն մէջ Հայաստան արձանագրած է յաջողութիւններ եւ իր նպաստը բերած՝ համաշխարհային անվտանգութեան պահպանման։
Երեւանի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ «Պոլսոյ արտացոլանքներ» խորագրեալ ցուցահանդէս մը:
Օփերայի յայտնի մեներգչուհի սոփրանօ Արաքս Մանսուրեան նախընթաց օր Երեւանի մէջ կազմակերպուած շնորհանդէսով մը իր արուեստի համակիրներու դատին յանձնեց նոյնաժամանակ երեք ձայնասկաւառակներ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, հաւաքոյթի մասնակիցներու շարքին էր մեծանուն երաժիշտ Տիգրան Մանսուրեան, որ այս առթիւ ըսաւ. «Սա ամբողջ ստեղծագործական կեանքի մը փոքրիկ մէկ մասն է՝ հանրագումարի բերուած երեք ձայնասկաւառակի մէջ, ուր Արաքս Մանսուրեան լաւագոյնս դրսեւորած է ինքզինքը»։
Իսրայէլի խորհրդարանի նախագահ Եուլի Էտէլշթայն կոչ ուղղեց, որպէսզի իր երկիրը վերատեսութեան ենթարկէ հայկական հարցին վերաբերեալ դիրքորոշումը։ «Ճէրուզալէմ փոսթ» օրաթերթի հաղորդումներուն հիման վրայ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը տեղեկացուց, թէ Քնեսեթի նախագահը յարմար կը նկատէ, որ վերատեսութեան ենթարկուի Իսրայէլի դիրքորոշումը ըստ որու հայոց եղեռնը կը նկատուի մարդկութեան դէմ բարոյական բիծ մը։
Անգարա եւ Աթէնք համակարծիք վստահութեան ամրապնդման ուղղեալ միջոցներ ձեռք առնելու համար: