ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ ԲՆԱԳԱՒԱՌԻ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐԸ

Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Երեւանի մէջ տեսակցեցաւ Ռուսաստանի Ուժանիւթի նախարար Ալեքսանտր Նովաքի հետ։ Հարկ է նշել, որ վերջին օրերուն Երեւանի մէջ գումարուեցաւ ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներու ուժանիւթի նախարարներուն ժողովը, որու շրջագծով տեղի ունեցաւ Նովաքի այցելութիւնը։
Սէրկէյ Լաւրով եւ Էլմար Մամէտեարով Մոսկուայի մէջ մանրամասն քննարկումներ ծաւալեցին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ:
Ստեղծարար փորձագիտութիւններու կեդրոններու ցանցը կ՚ընդլայնուի ամբողջ Հայաստանի տարածքին:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր այցելութիւն մը կու տայ Պէյրութ՝ Լիբանանի Արտաքին գործոց նախարար Ճիպրան Պասիլի հրաւէրով։
Անցեալ տարի 13 հազար 266 հոգի ստացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն, իսկ 2200 անձ հրաժարեցաւ քաղաքացիութենէ։ Վերոյիշեալ նոր քաղաքացիներու շարքին կը գտնուին աւելի քան 3 հազար սուրիահայեր։