ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԱՅՎԱԶՈՎՍՔԻԻ ԳՈՐԾԸ ԴՈՒՐՍ ԹՈՂՈՒԱԾ «SOTHEBY'S»Ի ԱՃՈՒՐԴԷՆ
Աշխարհահռչակ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքիի գործերէն մին այս օրերուն վերստին կը զբաղեցնէ աճուրդի աշխարհի օրակարգը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, մեծանուն արուեստագէտի «Երեկոն Գահիրէի մէջ» կոչուած ստեղծագործութիւնը վաճառողի խնդրանքով դուրս թողուած է Անգլիոյ մէջ կազմակերպուած աճուրդէ մը։
Հալէպի շղթայազերծման վտանգը ներկայիս դարձած է սուրիահայութեան հիմնական մտահոգութեան առարկան:
Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ ֆրանսացի յայտնի նկարիչ ու քանդակագործ Ժագ Սերժէֆի ցուցահանդէսի բացումը։ Հայաստանի Քաղաքաշինութեան նախարարութեան Ազգային թանգարան-կաճառին մէջ կը ներկայացուին իր ստեղծագործութիւնները։
Հայաստանի Ուժանիւթի նախարար Երուանդ Զախարեան յայտարարեց, որ վերջին մէկ տարուան ընթացքին լուրջ աշխատանք կատարուած է երկրի ուժանիւթի անվտանգութեան ուղղութեամբ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, նախարարը տեղեկացուց, թէ վերջին մէկ տարուան ընթացքին ուժանիւթի բնագաւառէն ներս կատարուած աշխատանքներուն մեծ մասը ուղղուած է ուժանիւթի անվտանգութեան հայեցակարգի հաստատման։