ՀԱՄԱԽՈՀՈՒԹԵԱՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ
Մայրաքաղաք Անգարայի մէջ, համախոհական կառավարութիւն մը ձեւաւորելու ուղղեալ որոնումներուն շրջագծով այսօր առաջին բանակցութիւնները տեղի կ՚ունենան ԱՔ կուսակցութեան եւ ՃՀՓ-ի պատուիրակութիւններուն միջեւ, գլխաւորութեամբ Էօմէր Չելիքի եւ Հալուք Քոչի։

Երեւանի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ «Պաքուի ջարդեր. 1905 թուական» գրքին շնորհանդէսը։ 20-րդ դարասկիզբին Պաքուի նահանգապետ եղած Ալեքսանտր Նովիքովի անձնական օրագրութեան մէջ արձանագրուած պատմական փաստերու վերահրատարակութիւնն է այս գործը, որ լոյս կը սփռէ այդ ժամանակ Պաքուի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն վրայ։
Վերջին օրերու իրերայաջորդ ահաբեկչական դէպքերը երէկ քննարկուեցան կառավարութեան ժողովին ընթացքին:
ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Քեմալ Քըլըչտարօղլու անդրադարձաւ համախոհական կառավարութիւն մը ստեղծելու ուղղութեամբ գործընթացին եւ ԱՔ կուսակցութեան հետ յառաջ տարուած շփումներուն։
Հայաստանի Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան վերջերս այցելեց Հանքաւանի «Լուսաբաց» ճամբարը, ուր այս տարի Հայաստանէն, Արցախէն եւ Ջաւախքէն շուրջ երեք հարիւր յիսուն երախայ կ՚անցընէ իր ամրան արձակուրդը։
Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւ այս առաւօտ Պաքուի մէջ տեսակցեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ, որոնք այցելութիւն մը կ՚իրականացնեն դէպի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան։