ԺԻՊԷՅԼԻ ԹԻՒ 642 ՀՈՂԱՏԱՐԱԾՔԸ ԿԱՄ «ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ». Ի՞ՆՉ ԿԸ ԿԱՏԱՐՈՒԻ ԱՅՆՏԵՂ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանեան արաբատառ մէկէ աւելի պարբերականներ վերջին օրերուն լիբանանեան ծովեզերեայ Ժիպէյլ (պատմականօրէն՝ Պիպլոս) շրջանին մէջ գտնուող «Թռչնոց բոյն» անունով յայտնի որբանոցին մասին նիւթեր հրապարակեցին: Թերթերէն իւրաքանչիւրը տարբեր շարադրանքներ ներկայացնելով կը խօսէր որբանոցի տարածքին մօտ գտնուող փոքր գերեզմանատան մը մասին, որուն մէջ եղող երեսուներեք հանգուցեալներու աճիւնները, ըստ կատարուած համաձայնութեան մը, պիտի հանուէին ու վերաթաղուէին նորակառոյց թանգարանին մօտ:
Հայաստանի ուժանիւթի համակարգի երկարաժամկէտ զարգացման ուղիներուն առընչութեամբ որոնումներ:
Էրիք Ռապին Ուաշինկթընի մէջ ելոյթ մը ունեցաւ BROOKINGS հաստատութենէն ներս:
ԱՔ կուսակցութեան եւ ՃՀՓ-ի պատուիրակութիւններուն միջեւ երէկ տեղի ունեցաւ առաջին բանակցութիւնը Անգարայի մէջ։
«Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» եւ ՓՔՔ ահաբեկչական կազմակերպութիւնները երէկ օրուան երկրորդ կէսէն սկսեալ թիրախը դարձան Թուրք զինեալ ուժերուն, որ օդէն ու ցամաքէն ռմբակոծումներ կ՚իրականացնէ ամենայն սաստկութեամբ:
Փոփով յոյս ունի ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի աշխուժացման համար:
Պելժիոյ Ներկայացուցիչներու ժողովը երէկուան իր լիագումար նիստին ընթացքին միաձայնութեամբ ընդունեց հայկական այն բանաձեւը, որ երկու շաբաթ առաջ հաւանութեան արժանացած էր Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին կողմէ եւ օր մը առաջ ալ անոր մասին քննարկումներ տեղի ունեցած էին լիագումար նիստի ընթացքին։
Երեւանի մօտ Եւրոմիութեան առաքելութեան ղեկավար Թրայան Խրիստէա արդէն կ՚աւարտէ իր առաքելութեան ժամկէտը Հայաստանի մէջ։
Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիուժա երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։