ԽԻՂՃԸ…
Մարդ որքա՜ն խաղաղ ու հանգիստ է բնութեան մէջ։ Բնութեան հետ շփումն ու անոր հետ առանձնութեան պահերը անբացատրելի հանդարտութիւն մը կը պարգեւեն անոր էութեան, կարծես ներաշխարհը կը հանգի։
Եկուր-տե՛ս, սակայն, հակասութիւնը… Մարդիկ չեն յաջողիր իրենց յարաբերութիւնը կարգաւորել բնութեան հետ, որմէ ծնունդ առած են։