ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ԵՒ ՈՒՐԱԽԱՌԻԹ ՅՈԲԵԼԵԱՆ. ՏԻԳՐԱՆ ՊԱՍԿԵՒԻՉԵԱՆԻ 60-ԱՄԵԱԿԸ
Հայկական մտաւորական աշխարհի վառ ներկայացուցիչներէն Տիգրան Պասկեւիչեան այսօր կը դառնայ 60 տարեկան։ Ուրախառիթ եւ ողջունելի յոբելեան մըն է այս մէկը՝ քանի յոբելեարը հայոց արդի տարեգրութեանց մէջ ուրոյն հետք մը ունի՝ իր բազմակողմանի գործունէութեամբ։