ՄԻՇՏ ԿՐԱԿԻ ՏԱԿ
Ատրպէյճանի բանակը այս կէսգիշերին դարձեալ թիրախաւորեց Հայաստանի Սիւնիքի մարզը։ Նախընթաց օրուան նման՝ յարձակման ենթարկուեցաւ Խոզնաւար բնակավայրը։ Ժամը 00.10-01.00-ին շարունակուեցաւ կրակը, որու հետեւանքով բնակարան մը վնասուեցաւ եւ փոքր եղջիւրաւոր անասուն մը սատկեցաւ։