ԹՐԱՄՓ-ՄԱՔՐՈՆ ԶՐՈՅՑ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը, որու ընթացքին կանգ առին Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմին ու Մերձաւոր Արեւելքի իրադարձութիւններուն վրայ։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Հայաստան-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ օգոստոսի 8-ին ստորագրուած յուշագրին շուրջ աշխատանքային բանակցութիւնները այսօր ալ կը շարունակուին:
Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան նախընթաց օր հանդիպում մը ունեցաւ Երեւանի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինի հետ։ Նախագահ Տէր-Պետրոսեանի գրասենեակին կողմէ ընկերային ցանցերու վրայ գրառում մը հրապարակուեցաւ այս տեսակցութեան կապակցութեամբ։
Ֆրանսայի նոր վարչապետը պաշտօնի կը կոչուի՝ համատարած անհանգստութեան ազդանշաններով:
Ուաշինկթըն-Փեքին առանցքը մէկ կողմէ կը բնորոշուի միջազգային բեմահարթակի վրայ բուռն մրցակցութեամբ, իսկ միւս կողմէ բարձր մակարդակի սերտ շփումներով։
Հայաստան-Իրան-Հնդկաստան բարձրաստիճան դիւանագէտներու միջեւ կարեւոր բանակցութիւններ:
Երէկ, Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան հիւրընկալեց Իրանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահիտ Ճալալզատէն, որ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։
Ռուսաստան եւ Սուրիա կը ձգտին նոր որակ մը տալ իրենց յարաբերութիւններուն՝ բարձր մակարդակի քննարկումներով:
Իրանի եւ Եգիպտոսի շփումները այս շրջանին խտացած են՝ Մերձաւոր Արեւելքի թէժ օրակարգի պայմաններուն ներքեւ։ Թեհրան-Գահիրէ առանցքին վրայ ստեղծուած աշխուժութիւնը պայմանաւորուած է այն հանգամանքով, որ կողմերը կը ձգտին տարածաշրջանի իրադարձութիւնները դիմագրաւել՝ որպէս ազդու խաղացողներ։