ՍԵՐՏԱՐ ՔԸԼԸՉԻ ԵՒ ՌՈՒԲԷՆ ՌՈՒԲԻՆԵԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ՈՒԹ ԱՄՍՈՒԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱԾ Է 500 ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ
Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը կը շարունակուի կողմերու յատուկ ներկայացուցիչներու՝ Սերտար Քըլըչի եւ Ռուբէն Ռուբինեանի անմիջական շփումներով։ Անգարա-Երեւան առանցքին վրայ շուրջ ութ ամիսէ ի վեր աշխատանքներ յառաջ կը տարուին՝ յատուկ ներկայացուցիչներու մակարդակով։
Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքը Ֆէնէրի մէջ հիւրընկալած է Ուղղափառ եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի առաջնորդ Էլփիտոփորոս Մետրապոլիտը։ Այս հանդիպումը տեղական մամուլին մէջ ալ արձագանգ ստեղծած է։
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռաիսիի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրուցակիցները քննարկեցին տարածաշրջանային զարգացումներուն եւ անվտանգութեան մարտահրաւէրներու վերաբերեալ հարցեր։
Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքը երէկ Իսթանպուլի հրշէջ գունդին շնորհակալութիւն յայտնեց՝ Պալըքլըի յունաց հիւանդանոցի մէջ ծագած հրդեհի մարման ժամանակ տարուած աշխատանքներուն համար։ Նորին Սրբութիւնը այս առթիւ հիւրընկալուեցաւ Իսթանպուլի Գլխաւոր քաղաքապետութեան ընդհանուր քարտուղար Ճան Աքըն Չաղլարի, ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Մուրատ Եազըճըի եւ Իսթանպուլի հրշէջ գունդի բաժանմունքի ղեկավար Ռեմզի Ալպայրաքի կողմէ։
Անգարա եւ Պաքու միշտ շփման մէջ տարածաշրջանի յետպատերազմեան իրադրութեան կապակցութեամբ:
ԵԱՀԿ-ի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մշտական ներկայացուցչի տեղակալ Քորթնի Օսթրիան Վիեննայի մէջ խոր մտահոգութիւն յայտնեց Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ վերջին իրադարձութիւններուն՝ մանաւանդ խտացեալ մարտերուն կապակցութեամբ։ ԵԱՀԿ-ի մշտական խորհուրդի ժողովին ընթացքին ան կրկին ընդգծեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ բոլոր հարցերու բանակցային ճանապարհով լուծումը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ։
«Euronews» համաշխարհային յայտնի հեռուստակայանը վերջերս առանձնապէս անդրադարձաւ Հայաստանի գինեգործութեան բնագաւառին եւ աւանդութիւններուն։ Ներկայիս միջազգային լրահոսին մէջ Հայաստան թէեւ առաւել չափով հրատապ քաղաքական օրակարգին վերաբերեալ խնդիրներով կը յիշատակուի, սակայն, «Euronews»ի այս հաղորդումը կազմած է բացառութիւն։
Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտնեց, որ Հայաստան կը ձգձգէ Զանգեզուրի միջանցքի հարցով ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարումը։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Հարաւային Կովկասի մէջ նոր շրջան մը սկսած է։ Նախագահ Էրտողան եւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ Անգարայի մէջ ելոյթներ ունենալով անդրադարձան տարածաշրջանային իրավիճակին եւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին։ Արտաքին գործոց նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած տարեկան դեսպանահաւաքի բացման փուլին թէ՛ Էրտողան եւ թէ Չավուշօղլու հանդէս եկան ծաւալուն ելոյթներով։