ԼԱՒՐՈՎ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով այսօր շփումներ կ՚ունենայ Երեւանի մէջ, ուր առաւօտեան ժամերուն ընդունուեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի կողմէ։ Սերկէյ Լաւրով երէկ յետմիջօրէի ժամերուն հասաւ Երեւան՝ Անգարայի շփումներէն անմիջապէս վերջ։
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Մշտական ներկայացուցչութեան հիմնադրութեան 20-ամեակը:
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով այսօր կը հիւրընկալուի Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի կողմէ։ Սա ամբողջ աշխարհին կողմէ հետաքրքրութեամբ սպասուած ժամադրութիւն մըն է։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ երէկ մասնակցեցաւ Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ERVAB) ժողովին, ելոյթով մը հանդէս եկաւ նիստի բացման։ Պատրիարքարանի դիւանը հրապարակեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ելոյթի թրքերէն բնագիրը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։
Պէյրութի Հայկազեան համալսարանին մէջ հանդիսաւոր կերպով տեղի ունեցաւ տարեկան շրջանաւարտից արարողութիւնը։ Հաստատութեան արդէն 62-րդ ընթացաւարտները ստացան իրենց վկայականները։
Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Մշակոյթի ճանապարհ» ծրագրի շրջանակէն ներս:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքած է յայտնի բժիշկ Վարդգէս Պէյլէրեան։ Համայնքային շրջանակներէն ներս բօթը ստեղծեց խոր ցաւ՝ մանաւանդ, որ տքթ. Վարդգէս Պէյլէրեան երկար ժամանակէ ի վեր կը տառապէր հիւանդութենէ։
Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետները վեց ամիս վերջ դարձեալ մէկտեղուեցան:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը շաբաթավերջին Երեւանի մէջ յաղթանակ տօնեց Իրլանտայի դիմաց։ ՈՒԷՖԱ-ի Ազգերու լիկի B ենթախումբէն ներս առաջին խումբի առաջին փուլի մրցումներէն մին էր այս մէկը։