ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ՄԻՇՏ ԿԱՊԻ ՄԷՋ ԵՐԵՒԱՆԻ ԵՒ ՊԱՔՈՒԻ ՀԵՏ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ հարցերով տեղակալ Քերըն Տոնֆրիտի հետ։ Այս վերջինը երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։
Շաբաթ երեկոյեան Գնալը կղզիին մէջ տեղի ունեցաւ Մխիթարեան սանուց միութեան վարչութեան կողմէ կազմակերպուած հաւաքոյթ մը, որ համախմբեց վարժարանի զանազան սերունդներէ սաներն ու համակիրները։ Ջրային մարզաձեւերու ակումբէն ներս տեղի ունեցաւ հաւաքոյթը, որու ընթացքին երաժշտական յայտագիր գործադրեց Արի Պարութօղլու։
Փութին Էրտողանին փափաք յայտնած է՝ թրքական «Պայրաքթար» անօդաչուներ ձեռք բերելու ուղղութեամբ:
Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը Երեւանի համար տարածքային հարց մը չէ։ «Այդ առումով մեզի համար սկզբունքային է Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան անվտանգութիւնն ու իրաւունքները», յայտնեց Արմէն Գրիգորեան «Արմէնփրէս» գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ։
Հայաստանի առաջին արտաքին գործոց նախարար Րաֆֆի Յովհաննիսեանի Արցախ մուտքը արգիլուեցաւ։ Յովհաննիսեանի գլխաւորած «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան աղբիւրները այս մասին ահազանգ հնչեցուցին, ինչ որ հայկական լրահոսին մէջ գտաւ լայն արձագանգ։
Աշխարհի չորս ծագերուն ցրուած հայութեան կեանքը բարեփոխելու եւ վերակազմակերպելու ուղղեալ որոնումներու պարունակին մէջ առաջարկուած գործնական ծրագիր մը:
Հայաստանի Դիւանագիտութեան դպրոցի 2022 թուականի շրջանաւարտները նախընթաց օր հանդիսաւոր արարողութեամբ ստացան իրենց վկայականները։ Հաւաքոյթին մասնակցեցաւ նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի շրջանային նախագահ Ապտուլլահ Շահիտին, որու կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը կ՚այցելէր Երեւան։
Արարատ Միրզոյեան եւ Իկոր Խովայեւ անդրադարձան Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման:
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ լարուածութիւնը միշտ կը շարունակուի՝ Ռուսաստանի խաղաղապահներուն կողմէ երաշխաւորուած Արցախով հանդերձ։ Երեւանի եւ Ստեփանակերտի աղբիւրները երէկ օրուան տեւողութեան սահմանային բախումներուն կապակցութեամբ իրերայաջորդ յայտարարութիւններով հանդէս եկան։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն եւ Չինաստանի նախագահ Շի Ծինփինկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը, որ տեւեց 2 ժամ 17 վայրկեան։ Սա երկու ղեկավարներու արդէն հինգերորդ հեռախօսազրոյցն էր։