ԻՆՔՆԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆՇԱՆ
«Հայկական կողմը կը կարողանա՞յ իրեն համար կարեւոր խնդիրները օրակարգի մաս դարձնել»:
Արման Մելիքեան. «Ատրպէյճան կ՚ուզէ հասկցնել, որ արտաքին որեւէ դերակատար պէտք չէ միջամտէ Արցախի կազամատակարարման հարցին, որովհետեւ կ՚ուզէ կը լուծէ, իսկ եթէ չուզէր՝ թող մարդիկ սառին իրենց տուներուն մէջ»:
Ռուսաստան-Ուքրայնա բանակցութիւններու հերթական փուլը տեղի կ՚ունենայ Թուրքիոյ տանտիրութեամբ:
Պաքու կը ջանայ գտնել մտացածին պատճառներ՝ Արցախի դէմ յարձակումներու գետին պատրաստելու համար:
Հռոմի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ (Սան Նիքոլա տա Թոլենթինօ) շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ՝ Դադիվանքի հայկական պատմական վանքի որմնանկարներու վերականգնման աշխատանքներուն նուիրուած գիրքի շնորհանդէսը։ Հռոմի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած հանդիպում մըն էր այս մէկը։
Ֆրանսայի Մոնթինյի-լը-Պրեթոնիօ քաղաքին մէջ պաշտօնապէս բացուեցաւ աշխարհահռչակ անմոռանալի երգիչ Շարլ Ազնաւուրի անունով արուեստներու կեդրոն մը։ Շաբաթավերջին կազմակերպուած պաշտօնական բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան «Ազնաւուր» հիմնադրամի համահիմնադիր Նիքոլա Ազնաւուր, նոյն հիմնադրամի տնօրէնուհի Քրիստինա Ազնաւուր, Ֆրանսայի Իլ-տը-Ֆրանս շրջանի եւ Իվլին տեփարթմանի բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ, նաեւ այլ հիւրեր։
Արցախէ ներս ստեղծուած մտահոգիչ կացութիւնը կը շարունակուի։ Ատրպէյճանի զօրքերը հրադադարը խախտելով ներխուժած են շփման գիծէն ներս։ Անոնք վերահսկողութեան տակ առած են այնպիսի տարածքներ, որոնք 44-օրեայ պատերազմին վերջ տուած հրադադարով կը գտնուէին ռուս խաղաղապահներու վերահսկողութեան ներքեւ։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Թուրքիա կը շարունակէ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի մթնոլորտին մէջ խտացեալ ջանքեր գործադրել՝ ապահովելու համար հրադադարը եւ կասեցնելու համար առկայ մարդասիրական ողբերգութիւնը։
Այս տարուան մրցանակաբաշխութիւնը ձօնուած էր «Սունդուկեան» թատրոնի 100-ամեայ յոբելեանին:
Վատիկանի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Լիւթֆուլլահ Կէօքթաշին շնորհուեցաւ Ս. Աթոռի բարձրաստիճան պետական շքանշաններէն մին։ Առաքելական պալատէն ներս կազմակերպուած հանդիսաւոր ձեռնարկի մը ընթացքին այդ շքանշանը դեսպան Կէօքթաշին յանձնուեցաւ՝ Վատիկանի փոխ-վարչապետ Էտկար Փենա Փարրա Արքեպիսկոպոսին կողմէ։