ԿԱՐԵՒՈՐ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐ
Հայաստանի Ազգային արխիւն ու Պէյրութի Հայկազեան համալսարանը կը նախատեսեն բազմաբովանդակ համագործակցութեան սկսիլ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երէկ Երեւանի մէջ հանդիպում մը ունեցան արխիւի տնօրէն Գրիգոր Արշակեան եւ համալսարանի նախագահ վերապատուելի տքթ. Փոլ Հայտոսթեան, որոնք անդրադարձան համապատասխան նիւթերու։
«Պատերազմի աւարտէն ի վեր տարի մը անցած է։ Այս ընթացքին Հայաստան անընդհատ կորսնցուցած է, Ռուսաստանն ալ կը կորսնցնէ, Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը կը շահին»:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս առաւօտ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը։ Սոչիի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցած՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եռակողմանի գագաթաժողովի լոյսին տակ կատարուած է այս յայտարարութիւնը։
Հայաշխարհի վառ անհատականութիւններէն Էրիք Իսրայէլեան վերջերս պարգեւատրուեցաւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին կողմէ։ Օգտակարութեան մետայլին արժանացաւ տքթ. Էրիք Իսրայէլեան՝ մարդասիրական իր ծառայութիւններուն եւ քրիստոնէական հաւատքին թէ՛ տեղական եւ թէ համաշխարհային մակարդակի վրայ բերած սպասաւորութեան բերումով:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը վերջին օրերուն Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց Վարդգէս Մահտեսեանը, որ Յունական Կիպրոսի հայութեան պետական ներկայացուցիչն է։ Ան վերջերս վերընտրուած է եւ այս առթիւ իր տիկնոջ հետ յատկապէս մեկնած Պէյրութ՝ ստանալու համար Կիլիկեան Աթոռի գահակալին օրհնութիւնը։
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Թուրքիոյ եւ Իրանի նախագահները շաբաթավերջին տեսակցեցան Աշխապատի մէջ:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի Սոչիի եռակողմանի գագաթաժողովի արձագանգները կը շարունակուին։ Ընդհանրապէս, միջազգային հանրութիւնը դրական կը համարէ այս հանդիպումը։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Երեւանի մէջ յանկարծամահ եղած է հայկական զանգուածային լրատուութեան աշխարհի նուիրեալներէն՝ վաստակաշատ լրագրող Արա Գալոյեան։ Մասնագիտութեամբ փիլիսոփայ Արա Գալոյեանի անժամանակ կորուստը մեծ ցաւ յառաջացուցած է՝ մինչ բոլորը կը վկայեն, թէ այդ մասնագիտութեան զուգահեռ՝ ան օժտուած էր կեանքի, մարդոց, ընկերներու եւ շրջանակին նկատմամբ իրեն բնորոշ վերաբերմունքով ու սիրով։
Վլատիմիր Փութին 44-օրեայ պատերազմէն վերջ երկրորդ անգամ մէկտեղեց Նիկոլ Փաշինեանն ու Իլհամ Ալիեւը, որոնց նուիրեց ձիթենիի ճիւղեր՝ ի նշան խաղաղութեան: