Լրահոս

ՎԼԱՏԻՄԻՐ ՓՈՒԹԻՆ ԱՅՍՕՐ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ԿԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԷ ԻՊՐԱՀԻՄ ՌԱԻՍԻՆ

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին այսօր Մոսկուայի մէջ կը հիւրընկալէ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռաիսին։ Քրեմլինի աղբիւրները հաղորդեցին, որ երկու ղեկավարները կը քննարկեն Մոսկուա-Թեհրան համագործակցութեան վերաբերեալ հարցերու ամբողջ համալիրը՝ ներառեալ առեւտրատնտեսական ոլորտէ ներս համատեղ նախագծերու իրականացումը։

«ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՐԲԵՒԷ ՈՐԵՒԻՑԷ ՏԱՐԱԾՔԱՅԻՆ ՊԱՀԱՆՋ ՉԷ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԱԾ ԹՈՒՐՔԻՈՅ»

Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ գործընթացը այս օրերուն անմիջականօրէն կը բնորոշէ քաղաքական օրակարգը՝ Մոսկուայի մէջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցած յատուկ ներկայացուցիչներու առաջին հանդիպման լոյսին տակ։

ԴԻՒԱՆԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔ

Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները երէկ տեղեկացուցին, որ շաբաթավերջին Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի, նախարարութեան կեդրոնական վարչախումբի, եւրոպական երկիրներէ ներս հաւատարմագրուած դեսպաններու եւ Եւրոպայի շարք մը միջազգային կազմակերպութիւններէ ներս հաւատարմագրուած մշտական ներկայացուցիչներու հաւաքը։

ՄՈՍԿՈՒԱ-ԹԵՀՐԱՆ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիան երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Այս առթիւ անոնք անդրադարձան Թեհրանի միջուկային ծրագրին շուրջ ստեղծուած իրավիճակին։

ԴԵՍՊԱՆ ԼՈՒՔԱՇԵՒԻՉ ՄՏԱՀՈԳ

ԵԱՀԿ-ի մօտ Ռուսաստանի մշտական ներկայացուցիչ Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի առկայ իրավիճակին։ Իր խօսքով՝ հակառակ որոշ դէպքերուն, ընդհանուր առմամբ, Ռուսաստանի ջանքերով հնարաւոր եղած է տարածաշրջանէն ներս պահպանել կայունութիւնը։

ԹԵՀՐԱՆ Կ՚ՈՂՋՈՒՆԷ ՋԱՆՔԵՐԸ

Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիփզատէ երէկ յայտարարեց, որ Թեհրան կ՚ողջունէ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ ջանքերը։ Այսպէսով տարածաշրջանի կարեւոր դերակատարներէն Թեհրան պաշտօնապէս արձագանգած եղաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ գործընթացին։

«ՏՐՏՈՒՆՋՔ»

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ համակրելի մեներգչուհի Մարալ Այվազ ներկայիս գեղարուեստասէր հասարակութեան կը ներկայանայ նոր գործով մը։ Մօտաւոր անցեալին իր թողարկած ալպոմէն վերջ, այս անգամ Մարալ Այվազ «սինկըլ»ով մը կը ներկայանայ իր համակիրներուն։

Էջեր