Լրահոս

ՄԱՀ՝ ԱՐՄԷՆ ԴՈՒԼԵԱՆԻ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է փորձառու լրագրող եւ վերլուծաբան Արմէն Դուլեան։ Շաբաթավերջին իր ինքնազգացողութիւնը յանկարծ ծայրայեղ ձեւով վատթարացած է բնակարանին մէջ եւ դժբախտաբար, կարելի չէ եղած կեանքը փրկել եւ 71 տարեկան հասակին կնքած է իր մահկանացուն։

ՄԱԷՍԹՐՈՅԻ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ

Հայկական երաժշտութեան կենդանի առասպելներէն մաէսթրօ Տիգրան Մանսուրեան արդէն 85 տարեկան է։ Այս յոբելեանին առթիւ լոյս ընծայուած է «Տիգրան Մանսուրեան» մենագրութեան, որ նուիրուած է մեծանուն արուեստագէտի կեանքին ու գործունէութեան եւ որու հեղինակն է Աննա Արեւշատեան։

ՋԱՆՔԵՐՈՒ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ

Երեւանի Պետական համալսարանի (ԵՊՀ) եւ ՄԱԿ-ի Բնակչութեան հիմնադրամի միջեւ երէկ ստորագրուեցաւ փոխըմբռնման յուշագիր։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, փաստաթուղթը ստորագրեցին ԵՊՀ-ի վերատեսուչ Յովհաննէս Յովհաննիսեան եւ յիշեալ հիմնադրամի Հայաստանի գրասենեակի ղեկավար Լուսինէ Սարգսեան։

ԱՆԳԱՐԱ-ՊԱՂՏԱՏ ՓՈԽԱԴԱՐՁ ԸՄԲՌՆՈՒՄ

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան շաբաթավերջին այցելեց Պաղտատ, ուր հիւրընկալուեցաւ Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Ֆուատ Հիւսէյինի կողմէ։ Ֆիտան համոզուած է, թէ Իրաքէ ներս մշտական կայունութեան եւ անդորրութեան հաստատման համար անհրաժեշտ է լիարժէք անվտանգութեան ապահովումը։

ՍՊԱՍԵԼՈՎ ԹՐԱՄՓԻ ԵՒ ՓՈՒԹԻՆԻ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ

Եւ այսպէս, յունուարի 20-ին տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու ընտրեալ նախագահ Տանըլտ Թրամփի երդման արարողութիւնը եւ ան պաշտօնապէս ստանձնեց այդ երկրի 47-րդ նախագահի պարտականութիւնները՝ արդէն երկրորդ անգամ։

ՆՈՐ ՏԵՍԼԱԿԱՆԻ ՍՊԱՍՈՒՄ

Հաքան Ֆիտան եւ Քայա Քալլաս երէկ քննարկեցին Անգարա-Պրիւքսէլ օրակարգի բազմաբնոյթ առաջնահերթ հարցերը: Ըստ յանձնակատարին՝ Թուրքիա կարեւոր դեր մը ունի Եւրոպայի անվտանգութեան ուղղութեամբ եւ կայ համագործակցութեան հնարաւորութիւն:
 

ԾՐԱԳԻՐՆԵՐՈՒ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Զուիցերահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին միջեւ ջերմ տեսակցութիւն: Նիկոլ Փաշինեան եւ Վահէ Կապրաշ կանգ առին կրթութեան որակի բարձրացման վրայ՝ մասնագէտներու պատրաստութեան ճանապարհին:
 

Էջեր