ԴԵՍՊԱՆ ՍԵՐՏԱՐ ՔԸԼԸՉ՝ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ԿՈՂՄԷ ՅԱՏՈՒԿ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս Անգարայի կողմէ՝ որպէս յատուկ ներկայացուցիչ պաշտօնի կոչուելիք անունը արդէն յայտնի է։ Այսպէս, այդ առաքելութիւնը պիտի իրականացնէ փորձառու դիւանագէտ մը՝ Սերտար Քըլըչ, որ եղած է Ուաշինկթընի մօտ Թուրքիոյ նախկին դեսպանը։
Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան գծով խորհրդական Ճէյք Սալըվընի հետ։
Վանի շրջանէն ներս, Մուրատիյէ, Սուրբ Ստեփանոս հայկական պատմական եկեղեցւոյ մատնուած անմխիթար վիճակը տեղական մամուլի ուշադրութեան առարկայ դարձած է։
Սոչիի գագաթէն վերջ Շարլ Միշել երէկ Պրիւքսելի մէջ մէկտեղեց Նիկոլ Փաշինեանն ու Իլհամ Ալիեւը:
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի եռանախագահ երկիրներէ երկուքին ղեկավարները քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ զանազան հարցեր։
Երեւանի Պետական համալսարանէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ մեծարանքի հանդիսութիւն մը՝ ի պատիւ հայկական գիտական աշխարհի երէց սերունդի հեղինակաւոր ու երախտաշատ ներկայացուցիչներէն արեւելագէտ Գուրգէն Մելիքեանի։ Համալսարանի ղեկավարութիւնը փորձառու գիտնականը պատուեց՝ ծննդեան 85-ամեակի յոբելեանին առթիւ։
Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան երէկ պարգեւատրեց երկրի Հանրային հեռուստաընկերութեան խումբ մը աշխատակիցները։ 2021 թուականը Հայաստանի Հանրային հեռուստաընկերութեան համար յոբելենական էր։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ երկու գիրքի շնորհանդէս, ինչ որ յատկանշական հաւաքոյթ մըն էր։ Այդ գիրքերը հրատարակուած են Հայաստանի Դիւանագիտական դպրոցին կողմէ, որ Արտաքին գործոց նախարարութեան հովանաւորութեան ներքեւ կը գործէ։
Նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու տեղեկացուց, որ Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքները պիտի վերսկսին:
Շարլ Միշել այսօր Պրիւքսելի մէջ կը մէկտեղէ Նիկոլ Փաշինեանն ու Իլհամ Ալիեւը, Սոչիի գագաթաժողովէն վերջ: