ԱՆԱՒԱՐՏ ԳՈՐԾԵՐ
Վերլուծաբան Թոմաս տը Վաալի կանխատեսումները նոր իրավիճակի մէջ. «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը երբեք միջազգային մակարդակով առաջնահերթութիւն մը չէ եղած։ Միշտ գտնուած է աւելի կարեւոր բան մը։ Ոչ ոք կրնայ ձեւացնել, որ առայժմ աւարտած է։ 2025 թուականին պիտի գայ վերջնաժամկէտ մը, որ կապուած է Ռուսաստանի խաղաղապահներու առաքելութեան երկարաձգումին կամ վերջանալուն հետ։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները դարձեալ ստիպուած պիտի ըլլան այս հարցին նայելու եւ մինչեւ այսօր տեղի ունեցածներէն շատ աւելի լուրջ բանակցութիւններ վարելու»:
«Ատրպէյճան կը փորձէ նոյնինքն Հայաստանի վրայ ճնշում գործադրելով՝ կամաց-կամաց Արցախի հայկական ազդեցութիւնը թուլացնել։ Կը կարծեմ, թէ այս ռազմավարութիւնը յաջող կ՚ընթանայ»:
Թուրք ճարտարագէտներու եւ ճարտարապետներու պալատներու միութեան հովանաւորութեան ներքեւ գործող Ճարտարապետներու պալատի Իսթանպուլի մասնաճիւղը երէկ գիրքի շնորհանդէս մը կազմակերպեց՝ մասնակցութեամբ Զաքարիա Միլտանօղլուի եւ Նիլկիւն Եըլմազթիւրքի։ Կառոյցի Գարագիւղի կեդրոնատեղիին մէջ կազմակերպուած էր այս ձեռնարկը, որ մաս կազմեց «Ճարտարապետներու պալատի պատմութենէն դէմքեր» շարքին։
Մէկ կողմէ դիւանագիտական սերտ շփումներ, իսկ միւս կողմէ հրադադարի մտահոգիչ խախտումներ:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Սուրիոյ հիւսիսի իրադարձութիւնները այս շրջանին դարձեալ Թուրքիոյ տեսակէտէ նպաստաւոր հունի մը մէջ չեն ընթանար։ Անգարայի ղեկավարութիւնը օրերէ ի վեր ահազանգ կը հնչեցնէ եւ կը բարձրաձայնէ իր մտայնութիւնը՝ անհրաժեշտութեան պարագային ինքնուրոյն ձեւով առկայ խնդիրները լուծելու ուղղութեամբ։
Երէկ, Անգարայի մէջ հիւրընկալուեցաւ Աֆղանիստանէն բարձր մակարդակով պատուիրակութիւն մը։ Այդ երկրէն ներս Թալիպանի իշխանութեան գլուխ գալէն վերջ Թուրքիա կատարուած առաջին բարձր մակարդակի այցելութիւնն էր այս մէկը։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստան եւ Հնդկաստան կը ձգտին զարգացնել կապերը՝ համագործակցութեան ներուժը օգտագործելով:
Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան վերահաստատեց, որ Երեւան երբեք չէ քննարկած ու պիտի չքննարկէ միջանցքային տրամաբանութիւնով որեւէ հարց։