ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԻՒՆ
«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան կողմէ Վենետիկի մէջ շաբաթավերջին կազմակերպուած ձեռնարկներու շարքի արձագանգները կը շարունակուին։ Այս ամբողջին մէջ առանձնացաւ «Առողջապահական անվտանգութիւն. քորոնաժահրի համավարակի մարդասիրական մարտահրաւէրները» խորագրեալ քննարկումը, որ մաս կազմեց «Aurora Dialogues»ի շարքին։
Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքը կը շարունակէ հետեւողական գործունէութիւն ծաւալել՝ արեւմտահայերէնի յարատեւութիւնը ապահովելու ու մանաւանդ՝ նոր սերունդի կողմէ անոր իւրացումը խրախուսելու նպատակով։ Հիմնարկի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ վերջին շրջանին «Երդիք» առցանց նոր ծրագրի օգտագործումը սկսած է։
Արդի արուեստի հետամուտները այս օրերուն ուշադրութեամբ կը հետեւին «Contemporary Istanbul 2021» մեծ ցուցահանդէսին, որ այս տարի 16-րդ անգամ կազմակերպուած է։ «Tersane İstanbul»ի համալիրէն ներս կազմակերպուած ձեռնարկին մասնակցութիւն կը բերեն նաեւ հայազգի արուեստագէտներ։
Վենետիկի մէջ շաբաթավերջին պաշտօնապէս յանձնուեցաւ 2021 թուականի «Աւրորա» մրցանակը։ Սա տարեկան այս մրցանակի 6-րդն էր։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին հիւրընկալեց Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլին, որ աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։ Երկու վարչապետները քննարկեցին Հայաստան-Վրաստան համագործակցութեան օրակարգն ու հեռանկարները։
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան կը տեղեկացնէ Հռոմէն.-
«Բարիդրացիութիւն, տարածքային ամբողջականութիւն, ասոնք շատ լաւ խօսքեր են։ Ի՞նչ կը նշանակէ «դրական ազդակ»՝ Անգարայի տեսանկիւնէն եւ Երեւանի տեսանկիւնէն։ Չեմ կարծեր, թէ այդ տեսանկիւնները այսօր ստեղծուած իրավիճակին կը համընկնին։ Լաւ է, որ խաղաղութեան մասին կը խօսուի, լաւ է, որ բանակցային գործընթացի մը սկսելու ակնարկներ կան, սակայն, պէտք է զգոյշ վերաբերիլ։ Խաղաղութիւնը միշտ ողջունելի բան է, բայց պէտք է հասկնալ, թէ ի՛նչ գին կը վճարես անոր համար»:
Լուտվիկ վան Պեթհովենի 10-րդ սիմֆոնին աւարտին հասած է հանճարեղ յօրինողի մահէն 194 տարի վերջ։ «Daily Mail»ի հաղորդմամբ՝ ստեղծագործութիւնը աւարտին հասցուած է արհեստական բանականութեան օգնութեամբ:
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան կը տեղեկացնէ Հռոմէն.-
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին ամբողջ կշիռը ի գործ կը դնէ՝ միջազգային հաւաքականութեան եւ համաքրիստոնէական ընտանիքին ուշադրութիւնը հրաւիրելու համար՝ յետպատերազմեան շրջանին Հայաստանի եւ Արցախի կողմէ դիմագրաւուած ծանր մարտահրաւէրներուն վրայ, գերիներու ազատ արձակումով հանդերձ: