ՆՈՐ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Ղարիպաշվիլի եւ Ալիեւ կանգ առին տարածքաշրջանային փոխակերպման կարեւորութեան վրայ:
Իրան Ատրպէյճանը կը զգուշացնէ՝ Իսրայէլի հետ սերտ համագործակցութեան հաւանական հետեւանքներուն դէմ:
Ղարիպաշվիլի եւ Ալիեւ կանգ առին տարածքաշրջանային փոխակերպման կարեւորութեան վրայ:
Իրան Ատրպէյճանը կը զգուշացնէ՝ Իսրայէլի հետ սերտ համագործակցութեան հաւանական հետեւանքներուն դէմ:
Հայաստանի Պետական սիմֆոնիք նուագախումբի 16-րդ համերգաշրջանի հանդիսաւոր մեկնարկը:
«Արմենիա» երաժշտական միջազգային 5-րդ փառատօնը՝ Երեւանի գեղարուեստասէրներուն համար հերթական պատուհան:
Էրտողան եւ Փութին այսօր ժամադրուած են Սոչիի մէջ, ուր կը բանակցին առանձնազրոյցի ձեւաչափով:
Անգարա եւ Մոսկուա այս փուլին կը շօշափեն միջազգային օրակարգի հրատապ հարցերը: Նախագահներու ուշադրութեան առարկայ է նաեւ Հարաւային Կովկասի իրադրութիւնը: Հոկտեմբերի վերջաւորութեան ալ թուրք-ամերիկեան գագաթ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Միջազգայնագէտ, հակամարտութիւններու լուծման մասնագէտ տքթ. Սահակ Անտէքեան պատասխանեց մեր հարցումներուն։ Ստորեւ մեր հարցազրոյցին սղագրութիւնը:
Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլի այսօր միօրեայ այցելութիւն մը կու տայ Պաքու, ուր կը հիւրընկալուի Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Կը հաղորդուի, որ Պաքուի մէջ նախատեսուած է Վրաստան-Ատրպէյճան միջկառավարական յանձնաժողովի հերթական նիստը, որ տեղի կ՚ունենայ Ալիեւի եւ Ղարիպաշվիլիի գլխաւորութեամբ։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ անցեալ տարուայ հրադադարի համաձայնութեան գլխաւոր արդիւնքը կայունութիւնն է։ Ըստ իրեն, հակամարտութեան գօտիէն ներս իրադրութիւնը կայունացած է Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ ձեռք բերուած հրադադարի համաձայնութիւնով։
Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի նախաձեռնութեամբ եռօրեայ գիտաժողով մը Երեւանի մէջ:
Ըստ տնօրէն Դաւիթ Պօղոսեանի, որոշուած է 30-ամեակը խոշորացոյցի տակ առնել գիտելիքի շրջանառութեամբ:
Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ դիւանագէտ, թարգմանիչ ու խմբագիր Համլէթ Գասպարեանի հրաժեշտի արարողութիւնը։ Նորոգ հանգուցեալ Գասպարեան վերջին շրջանին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի խորհրդականի պաշտօնը կը վարէր։
Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ հասարակութեան վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան նախընթաց օր մայրաքաղաք Անգարայի մէջ ընդունուեցաւ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Պուրհան Էրսոյի կողմէ։ Զեքիեան Գերապայծառին ընկերացան Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Ճան Ուսթապաշը եւ իրաւաբան Էօմէր Քանթիք։
Հայաստանի Ազգային գրադարանին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» մատենադարանին միջեւ նախընթաց օր ստորագրուեցաւ յուշագիր մը։ Փոխըմբռնման եւ համագործակցութեան ուղղեալ այս յուշագրի նպատակն է հայ գիրքի ու մամուլի սպասարկման եւ համագործակցութեան լայն շրջանակի մը ապահովումը։