ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՆՈՐ ՊԱՇՏՕՆԱՏԱՐՆԵՐԸ ՀԵՏԶՀԵՏԷ ՅԱՅՏՆԻ ԿԸ ԴԱՌՆԱՆ
Հայաստանի մէջ օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութեան նոր վերնախաւի ձեւաւորման գործընթացը կը շարունակուի։ Նորընտիր խորհրդարանը, որ ընտրուեցաւ վերջին արտահերթ ընտրութիւններով, երէկ առաջին փոխ-նախագահ ընտրեց Ռուբէն Ռուբինեանը։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Թենեսի նահանգին մէջ կը գտնուի «Թիթանիքի» թանգարանը, որու պատին վրայ պատկերուած է սառցաբեկոր մը, որ փլուզուած է: Ըստ թանգարանի ֆէյսպուքի էջին, միջադէպի հետեւանքով երեք այցելու տուժած է:
Ալէն Սիմոնեան խորհրդարանի նախագահ, Նիկոլ Փաշինեան վերանշանակուեցաւ վարչապետ, Սուրէն Պապիկեան փոխ-վարչապետ, Արշակ Կարապետեան պաշտպանութեան նախարար, Գնել Սանոսեան տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար, Լիլիթ Մակունց Ուաշինկթընի մօտ դեսպան:
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ օր չ՚անցնիր առանց բախումի եւ մտահոգիչ լարուածութիւնը կը մնայ առկայ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ Ատրպէյճան երէկ հրադադարը երկու անգամ խախտած է սահմանի վրայ։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան 8-րդ գումարման Ազգային ժողովի անդրանիկ նիստը: Նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկսը հանդէս եկան ելոյթներով:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլիի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, կողմերը քննարկեցին երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքը եւ անդրադարձան տարածքաշրջանային հարցերուն։
Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ գրող Արմէն Շէկոյեանի յուղարկաւորութիւնը։ Կոնտի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ հրաժեշտ տրուեցաւ հայ գրականութեան արդի վարպետին, մինչ հոծ թիւով յուղարկաւորներ վշտակցեցան իր սգաւոր ընտանիքին։
Հայաստան ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի օրակարգին վրայ բերաւ Ատրպէյճանի սադրանքները: