ՄԵԾԱՄՕՐԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ
Հարաւային Կովկասէ ներս առաջին աթոմակայանը Հայաստանի մէջ հիմնուած էր 55 տարի առաջ՝ Խորհրդային Միութեան կառավարութեան որոշումով:
Օտար մասնագէտներ Երեւանի հաւաքոյթին ժամանակ զանգուածային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն բացատրութիւններ տուին միջուկային փորձագիտութիւններու մասին:
Օշականի մէջ կ՚իրականացուի «Խեցեգործութեան պարտէզ» ծրագիրը։ Այսպէս, Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան աջակցութեամբ Օշականի Մշակոյթի պալատին մէջ սկսած է «Խեցեգործութեան պարտէզ» ծրագիրը:
«Նեմրա» ռաք խումբը երկրպագուներու դատին յանձնած է «Զիմ խորոտիկ յար» երգը։ Այսպէս, «Նեմրա» ռաք խումբը երաժշտասէրներուն ներկայացուցած է «Զիմ խորոտիկ յար» երգի տեսահոլովակը, որ արդէն համացանցի վրայ է:
Պիլ եւ Մելինտա Կէյցերը պաշտօնապէս ամուսնալուծուած են։ Այսպէս, «Microsoft» ընկերութեան հիմնադիր Պիլ Կէյց եւ իր կինը՝ Մելինտա Ֆրենչ Կէյց, պաշտօնապէս աւարտած են ամուսնալուծութեան գործընթացը:
Հայաստանի սահմանի խախտումներէն վերջ, Ատրպէյճանի զօրքերը երէկ թիրախաւորեցին նաեւ Արցախը:
Քուէյթահայ գործարար եւ յայտնի ազգային գործիչ Կիրակոս Գույումճեան կը շարունակէ իր նպաստը բերել ինչպէս Հայաստանի վերաբերեալ նախագիծերու, այնպէս ալ սփիւռքի հայապահպանութեան ուղղեալ ծրագրերու։ Ան կ՚առաջնորդուի այն սկզբունքով, թէ ուսումը ամենաազդու զէնքն է՝ յաղթահարելու համար կեանքի անանցանելի խոչընդոտները։
«Business Insider»ի մեկնաբաններէն Պրիմէլոուի կողմէ Թուրքիոյ վերաբերեալ ուշագրաւ վերլուծութիւն:
Մինչ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները երկար ներկայութենէ մը վերջ դուրս կը բերէ իր զօրքերը Աֆղանիստանէն, առանց այդ երկրի խնդիրներու վերջնական կարգաւորման, միջազգային օրակարգին վրայ այժմ տեղ կը զբաղեցնէ աֆղան գաղթականներու նոր ալիքի մը դիմագրաւման հարցը։
Յառաջիկայ սեպտեմբերի երկրորդ կէսին նախատեսուած է 2021-2022 կրթական շրջանի վերամուտը։ Այս փուլին ընդառաջ Թուրքիոյ մէջ կը նախատեսուի նախազգուշական զանազան միջոցներու հաստատումը, որպէսզի քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարը չկաղայ։
Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլի յայտարարեց, որ Թիֆլիզի դիւանագիտութեան հիմնական ուղղութիւններէն մին պէտք է ըլլայ հարեւանութեան արդիւնաւէտ քաղաքականութեան մը հետամուտ ըլլալը։ Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան տասնամեայ ծրագրի ներկայացման ընթացքին վարչապետը նշեց, որ իր երկիրը շատ լաւ յարաբերութիւններ ունի երեք հարեւաններուն՝ Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի հետ։