ԱՇԽԱՐՀ ԻՍԿԱԿԱՆ ՎՏԱՆԳԻ ԺԱՄԱՆԱԿԱՀԱՏՈՒԱԾ ԹԵՒԱԿՈԽԱԾ Է ՔՈՐՈՆԱԺԱՀՐԻ ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԻ ՊԱՏՃԱՌՈՎ
Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ղեկավար Թետրոս Կեպրէյէսուս նախընթաց օր Ժընեւի մէջ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին յայտնեց, թէ քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ աշխարհ մտած է իսկական վտանգի ժամանակահատուած։
Մինչ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ լարուածութիւնը կը մնայ առկայ, միջազգային շրջանակներն ալ կը շարունակեն մտահոգութիւն արտայայտել այս կապակցութեամբ։ Ռուսական «ԹԱՍՍ» գործակալութեան հաղորդումներով, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի բախումներու համայնապատկերին վրայ ՄԱԿ երէկ երկու երկիրներուն զսպուածութեան կոչ ուղղեց։
Մալաթիոյ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ ի հիմանէ վերանորոգութեան եւ վերաբացման աշխատութիւնները արդէն իսկ իրենց աւարտին հասած են։ Ըստ նախատեսուած ժամանակացոյցին՝ բացման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ օգոստոս ամսուան վերջերը։
Հայաստանի Հանրապետութեան 8-րդ գումարման Ազգային ժողովի նախագահութեան ձեւաւորման գործընթացը երէկ հասաւ իր աւարտին։ Ինչպէս ծանօթ է, խորհրդարանի՝ ընդդիմութեան շարքերէն ընտրուելիք փոխ-նախագահի պաշտօնի պարագային անորոշութիւն մը ստեղծուած էր։
Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան եւ Սկիւտարի համանուն եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին միջեւ փոխադարձ ըմբռնում՝ համայնքապատկան կալուածի արժեւորման շուրջ: Ատենապետներ Թորոս Ալճան եւ Յովհաննէս Կոպոյեան ստորագրեցին համագործակցութեան վերաբերեալ փաստաթուղթ մը:
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի լարուածութիւնները կը շարունակուին եւ այս մթնոլորտին մէջ Երեւանի ղեկավարութիւնը նոր քայլերու կը դիմէ՝ տարածքներու անձեռնմխելիութիւնը երաշխաւորելու նպատակով։ Երէկ, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Տաւուշի մարզէն ներս, մասնաւորապէս՝ Ոսկէպար գիւղին մէջ, տեղակայուած են ռուս սահմանապահներ:
Հայաստանի Հանրապետութեան 8-րդ գումարման Ազգային ժողովի նախագահութեան վերջնական ձեւաւորման ճանապարհին երէկ անակնկալ իրադարձութիւններ տեղի ունեցան։ Խորհրդարանի փոխ-նախագահներու ընտրութեան փուլին անակնկալ վիճակ մը ծագեցաւ։
Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Վահրամ Տումանեան երէկ այցելեց Երեւանի Պետական համալսարան (ԵՊՀ), ուր մէկտեղուեցաւ գիտական խորհուրդի անդամներուն հետ։
Կարապետեան եւ զօր. Մուրատով կանգ առին Ատրպէյճանի հետ սահմանի առկայ իրադրութեան վրայ: