ԿՈՉՈՒՄՆԵՐՈՒ ՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆ
Պէյրութի Հայկազեան համալսարանէն ներս յատկանշական հանդիսութիւն մը:
Տեւական կրթական կեդրոնի շրջանաւարտները ծափողջոյններով ստացան իրենց վկայականները:
Պէյրութի Հայկազեան համալսարանէն ներս յատկանշական հանդիսութիւն մը:
Տեւական կրթական կեդրոնի շրջանաւարտները ծափողջոյններով ստացան իրենց վկայականները:
Կը տեղեկանանք, թէ վերջերս «Սոսիալ» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է բանաստեղծ ու լրագրող Վերճիհան Զիֆլիօղլուի նոր գիրքը, որ կը կոչուի «Varla Yok Arasında İstanbul Ermenileri»։ Հեղինակը այս գիրքը ձօնած է իր լուսահոգի մեծ հօր՝ Սարգիս Զիֆլիօղլուի յիշատակին։
Մեծն Կոմիտաս Վարդապետի ծնըն-դեան օրն է այսօր։ Քանի որ ներկայ տարին կը զուգադիպի իր ծննդեան 150-ամեակին, անոր յիշատակին ձօնուած յոբելենական ձեռնարկներու շարքն ալ Երեւանի մէջ սկիզբ առաւ այս առաւօտ։
«Կոմիտաս» թանգարան-կաճառին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւն մը, որ բնորոշեց յոբելենական ձեռնարկներու սկիզբը։
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացէն ներս սպասման օրեր:
Նախաձեռնարկ մարմինը որոշումի մը չկարողացաւ յանգիլ երէկուան արտահերթ նիստին:
Թուրքիոյ եւ Փաքիստանի համատեղ նախաձեռնութեամբ ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Նիւ Եորքի մէջ:
Նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան ուշադրութիւն հրաւիրեց մահմետական կանանց ենթարկուած սադրանքներուն վրայ:

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Հռոմի մէջ ընդունուեցաւ Իտալիոյ նախագահ Սերճիօ Մաթարելլայի կողմէ։ Հարկ է նշել, որ Արմէն Սարգսեան այս օրերուն աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Իտալիա։
Հայաստանի վարչապետը ՄԱԿ-ի ամպիոնէն ունեցած երէկուան ելոյթին ժամանակ թիրախաւորեց Անգարան:
Նիկոլ Փաշինեան. «Թուրքիան կը շարունակէ մնալ անվտանգութեան լուրջ սպառնալիք հայ ժողովուրդին համար»:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները՝ Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթի (Ֆրանսա) եւ Էնտրու Շեֆըր (Միացեալ Նահանգներ) համատեղ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկան՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ վերջին օրերուն Նիւ Եորքի մէջ ծաւալուած քննարկումներուն կապակցութեամբ։
Հայաստանի նախկին ոստիկանապետ Հայկ Յարութիւնեանի դիակին գտնուիլը վերջին օրերուն շատ լայն արձագանգ ստեղծեց երկրի ներքին կեանքէն ներս։ Տակաւին յայտնի չէ, որ ինչ հանգամանքներու մէջ մահացած կամ սպաննուած է Հայկ Յարութիւնեան եւ այդ բոլորը պարզելու համար Հայաստանի Քննչական կոմիտէն ձեռնարկած է քննութեան։
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան Նախաձեռնարկ մարմինը այսօր Գումգաբուի մէջ կը գումարէ արտահերթ ժողով մը՝ յստակեցնելու համար իր դիրքորոշումը պետութեան կողմէ ուղարկուած կանոնադրութեան շուրջ եւ որոշելու համար, թէ ինչպիսի հունով մը պիտի ուղղորդուի գործընթացին շարունակութիւնը:
Կա՛մ կուսակալութենէն հասած փաստաթուղթի հիման վրայ առանց ժամանակ կորսնցնելու պիտի ընտրուի Պատրիարքական Աթոռի նոր գահակալը եւ կա՛մ նոր պահանջներով ու դատական դիմումներով դարձեալ անորոշ ժամկէտով պիտի յետաձգուին գործնական քայլերը - Տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը: