ՎԵՐՅԻՇԵԼՈՎ ՕՏԵԱՆԸ
Հայաստանի Ազգային գրադարանի երդիքին տակ 150-ամեակի առթիւ յատկանշական ձեռնարկ մը:
Մեծանուն երգիծաբանի յոբելեանը կ՚արժեւորուի եզակի ցուցահանդէսով մը, որ բաց կը մնայ մինչեւ 25 սեպտեմբեր:
Հայաստանի Ազգային գրադարանի երդիքին տակ 150-ամեակի առթիւ յատկանշական ձեռնարկ մը:
Մեծանուն երգիծաբանի յոբելեանը կ՚արժեւորուի եզակի ցուցահանդէսով մը, որ բաց կը մնայ մինչեւ 25 սեպտեմբեր:

Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Ս. Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ պաշտօնական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան վերջին օրերուն հովուական այցելութիւն մը տուաւ Սպանիա։ 14-17 սեպտեմբեր թուականներուն տեղի ունեցաւ այս այցելութիւնը, որու ընթացքին նորին սրբազնութեան ուղեկցեցաւ սպանահայոց հոգեւոր հովիւ Տ. Շնորհք Աբեղայ Սարգսեան։
Հայաստանի Հանրային հեռուստատեսութեան կեդրոնական համալիրէն ներս երէկ հիւրընկալուեցաւ հանրապետութեան վարչապետը։
Նիկոլ Փաշինեան, որ օտար մը չէ զանգուածային լրատուութեան աշխարհին, տեղեկութիւններ քաղեց թեքնիկ միջոցներուն եւ ընդհանուր աշխատանքին շուրջ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով սեպտեմբերի 23-ին հանդիպում մը պիտի ունենան Նիւ Եորքի մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացէն ներս միջոցէ մը ի վեր օրակարգի վրայ էր այս հանդիպումը, որու սպասման մթնոլորտին մէջ չէր հրապարակուած թուականը։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Փարիզի մէջ իր մահկանացուն կնքած է ֆրանսական շարժանկարի յայտնի ու համակրելի անուններէն դերասան Շարլ Ժերար (բուն անունով՝ Ժիրայր Աճէմեան)։ «Նոր Յառաջ»ի հաղորդումներով, ան երէկ իր մահկանացուն կնքած է Փարիզի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ։
ՍԾՏՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի ենթակայ յանձնախումբի նիստի ծիրէն ներս:
Վահէ Էնֆիյաճեան հակադարձեց Ատրպէյճանի պատուիրակութեան ղեկավարի պնդումներուն:
Վերանորոգեալ վեհարանի բացման առթիւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցած արարողութիւններուն արձագանգները կը շարունակուին։ Ամենայն Հայոց Հայրապետի նստավայրը իսկապէս ֆիզիքական պայմաններու եւ գեղարուեստական յարդարանքի տեսակէտէ շատ բարձր մակարդակի մը հասած է, ինչ որ ուրախութիւն կը պատճառէ համայն հայութեան։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջեւ յառաջիկայ օրերուն Նիւ Եորքի մէջ կայանալիք հանդիպումը այժմէն սկսած է առաջնահերթօրէն զբաղեցնել Թուրքիոյ օրակարգը։
Հանրապետութեան նախագահը երէկ յետմիջօրէին Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետն ու փոխ ատենապետը, որոնց հետ զրոյցը տեւեց շուրջ ժամ մը: Պեշթեփէի համալիրէն ներս տեղի ունեցած ջերմ հանդիպման ժամանակ դրական հեռանկարներ ուրուագծուեցան՝ երբեմնի բանջարանոցի տարածքի սեփականութեան իրաւունքի վերահաստատման ուղղութեամբ, հակասական վիճակներու մթնոլորտինով հանդերձ։
Պետրոս Շիրինօղլու եւ Հերման Պալեան մայրաքաղաքէն երեկոյեան ժամերուն վերադարձան մեծ լաւատեսութեամբ: Գթութեան յարկի հանդիպակաց ընդարձակ տարածքին առկայ խնդիրներու յաղթահարման նպատակով աշխատանքները շուտով դարձեալ թափ պիտի ստանան: Յառաջիկայ քայլերու արդիւնքով ստեղծուելիք կացութիւնը վերստին պիտի արժեւորուի՝ Էրտողանի վերահսկողութեան ներքեւ։
Տեսակցութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացին: Ներքին գործոց նախարարութիւնը կը շարունակէ աշխատիլ կանոնադրութեան վրայ։
Հանրապետութեան փոխ-նախագահ Ֆուաթ Օքթայ վերջին օրերուն պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Պաքու, ուր ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Ան մասնակցեցաւ նաեւ Թուրքիա-Ատրպէյճան համատեղ տնտեսական յանձնաժողովի 8-րդ նիստին։