ՄՈՍԿՈՒԱ ԱՅԼԸՆՏՐԱՆՔ ՄԸ ԿԸ ՓՆՏՌԷ՞ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻՆ, ԹԷ ՈՉ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆԸ ՉԱՐԱՉԱՐ ԿԸ ՍԽԱԼԻ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Զարմանալի է, չէ՞ որ մինչեւ այս պահը Հայաստանի վերլուծական դաշտին մէջ տակաւին չէ ըմբռնուած, թէ որքան ամուր թելերով Հայաստանի իշխանութիւնները կապուած են Ռուսաստանի հետ։ Այս երեւոյթը, խորքին մէջ, Հայաստանի իշխանութիւններու փրկութեան թիւ մէկ խաղաքարտն է, ատեն-ատեն կ՚երերայ, կը տարափոխուի, պատկեր եւ շունչ կը փոխէ, սակայն, երբ հասնի գոյութենական ժամը, ապա երեւելի կը դառնայ, որ Հայաստանի իշխանութիւնները եւ յատկապէս՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որո՛ւ մարդն է։